Վերջերս լոյս տեսած է իր թատերգութիւններով, կերպարուեստով եւ մենակատարութիւններով հանրածանօթ Վահէ Պէրպէրեան նորագոյն ստեղծագործութիւնը, որ արուեստագէտին անգլերէնով գրուած առաջին վէպը կը հանդիսանայ։
«Մահացած Մարդու Մը Օրագիր» (Diary of a Dead Man) հատորը պատմութիւնն է Լոս Անճելըսէն փաստաբանի մը, որ Սուրիոյ պատերազմի օրերուն Հալէպ այցելելու անակնկալ հրաւէր մը կը ստանայ, ինչ որ կը դառնայ ժամանակաւորապէս իր դիմագրաւած հարցերէն հեռանալու լաւ առիթ մը։ Ան իր այս ոդիսականին ընթացքին ձեռք կը ձգէ խորագրին մէջ յիշուած յոյժ հետաքրքրական օրագիրը, որ իր անցեալին մասին անսպասելի բացայայտումներու կ՛առաջնորդէ։
Պէրպէրեան հեղինակած է նաեւ «Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ» եւ «Նամակներ Զաաթարէն» վէպերը, ինչպէս նաեւ շարք մը թատերգութիւններ։
Գիրքէն օրինակ մը ապսպրելու համար այցելել՝ կայքը։