Փետրուար 21ի երեկոյեան, Հայաստանի Գիտութեանց Ազգային ակադեմիոյ Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի հիմնարկի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Մայրենիի Օրուան» առցանց համագումարը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Շահան արք. Սարգիսեան։
2005ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետական տօներու ցանկին մէջ արձանագրած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի հռչակած «Մայրենիի Օր»ը իբրեւ պաշտօնական տօն, իսկ 2013էն ի վեր նմանօրինակ համագումարներ եւ տօնախմբութիւններ կը կատարուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։
Առցանց համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի եւ Սփիւռքի լեզուաբաններ, կրթական մշակներ եւ հայոց լեզուի հարցերով զբաղող մասնագէտներ։ Շահան սրբազան համագումարի սկիզբը իր ելոյթը ունեցաւ. յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ան ողջունեց համագումարի կայացումը եւ նշեց, որ կաթողիկոսութիւնը Սփիւռքի մէջ, յատկապէս արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, տարածման եւ զարգացման գծով իր կատարած աշխատանքներով՝ հայ դպրոցներու ճամբով ու գրահրատարակչական մեծ վաստակով, միշտ ալ նպաստած է եւ կը շարունակէ նպաստել հայոց լեզուի աշխուժացման։
Անցնող տարիներուն, կաթողիկոսութիւնը համահայկական նմանօրինակ ծրագիրներու իրականացման գծով ո՛չ միայն իր գործնական մասնակցութիւնը բերած է, այլեւ նախաձեռնած է Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան Յանձնաժողով մը, ուր կը քննարկէ սփիւռքահայ կեանքէն ներս արեւմտահայերէնը ուսումնասիրելու եւ զարգացնելու կարելիութիւնները։ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը գործեն նաեւ «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կազմաւորման կեդրոնը եւ Հայագիտական կեդրոնը, որոնք նոյն գծով մեծապէս կը սատարեն մայրենիի պահպանման եւ տարածման։
Սրբազանը յիշեցուց, որ 2022ը կաթողիկոսին տնօրինումով հռչակուած «Սփիւռքի Տարի»ի, որուն աշխատանքներու շրջագծին մէջ նկատի առնուած են բնականաբար արեւմտահայերէնի եւ հայոց լեզուի ներկայ իրավիճակին քննարկումը եւ համապատասխան տնօրինումներ կատարելու կարելիութիւնները։
Սրբազան հրաւիրեց մասնակիցները, որ միասնական ճիգերով դուրս բերեն մեր ժողովուրդի զաւակները մայրենիի նկատմամբ անտարբերութենէն, միւս կողմէ առաջարկեց, որ լեզուաբաններ եւ քերականագէտներ պարտականութիւն վերցնեն դիւրացնելու եւ հրապուրիչ դարձնելու հայոց լեզուի ուսուցումը։