
ՎԱՐԴԱՆ ԵԱՂՍԸԶԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 18 Յունիս 1938ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Վարդան Եաղսըզեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 1 Փետրուար 2022ին, Լոս Անճելըսի մէջ, Քալիֆորնիա։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2022ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr, Los Angeles, CA 90068։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Քաթիա Եաղսըզեան
Դուստրերը՝ Գալին եւ Արա Գանպէրեան
Վանիա եւ Մայք Շանլի
Թոռները՝ Գօլէթ Գանպէրեան, Մաթէօ Գանպէրեան, Քեւըն Շանլի եւ Օուըն Շանլի
Քոյրը՝ Վարդուկ Մարտիրեան
Եւ համայն Եաղսըզեան, Գանպէրեան, Շանլի, Համալեան, Մարտիրեան, Պոյաճեան, Նորաշխարհեան, Ճէպէճեան, Ներսոյեան եւ Վարդերեսեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Կրթաթոշակներու ֆոնտին (AGBU Manoogian-Demirdjian School, 6844 Oakdale Ave., Canoga Park, CA 91306)։
ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ
Վարդան Եաղսըզեան
Ատուր եւ Աղաւնի Եաղսըզեաններու որդին՝ Վարդան Եաղսըզեան, ծնած էր 1938ին, Հալէպ, Սուրիա։ Անոր մահացած քոյրը՝ Զարուհի եւ եղբայրը՝ Յարութ, ամուսնացած էին Յակոբ Համալեանի եւ Անահիտ Առաքելեանի հետ։ Իսկ քոյրերէն Վարդուկը ամուսնացած էր ողբացեալ Մայք Մարտիրեանի հետ։
Վարդան Եաղսըզեան 1972ին, Պէյրութի մէջ կ՛ամուսնանայ Քաթիա Նորաշխարհեանի հետ եւ 1984ին անոնք կը տեղափոխուին Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա։ Այստեղ, Վարդան կը շարունակէ ծաղկեցնել ակնաբուժական իր հաստատութիւնը։ Հանգուցեալը յաջողակ ձեռնարկատէր էր, որ կը խօսէր քանի մը լեզուներ։ Չորս թոռնիկներուն հետ անցուցած պահերը երջանկագոյն ժամերն էին անոր համար։
Վարդան Եաղսըզեանի կատարած բարերարութիւններն ու բարեգործութիւնները հասած են աշխարհի ամենատարբեր կողմերը, արժանանալով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն սրբատառ կոնդակին եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» մետալին։ Ողբացեալը պատուոյ նշան ստացած էր նաեւ Այնթապի Հայրենակցական միութենէն։
Երիտասարդ տարիքէն գործուն մասնակցութիւն բերած էր սուրիահայ, եւ ապա՝ լոսանճելըսահայ համայնքային կեանքէն ներս, անդամակցելով եւ վարելով զանազան պաշտօններ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի, Նոր Սերունդ Մշակութային միութեան, Այնթապի Հայրենակցական միութեան, ՀԲԸՄի եւ ՍԴՀԿի մէջ։ Շրջան մը Վարդան Եաղսըզեան վարած է նաեւ ատենապետութիւնը ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովին։
Թող անոր յիշատակը անթառամ մնայ բոլոր զինք ճանչցողներուն սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։