Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբթուան ընթացքին Քալիֆորնիոյ շարք մը քաղաքական պաշտօնատարներ նշեցին Սումկայիթի ջարդերուն 34րդ տարելիցը, միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւններուն, որ կասեցնեն Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները։
Այս առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայութեան ցաւը կիսող քաղաքական գործիչներուն եւ շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն ոչ մէկ ձեւով պէտք է նպաստէ Պաքուի կողմէ շարունակուող հակահայ քայլերուն։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի փոխնախագահ Էտըմ Շիֆ իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, թէ ատելութեան հրահրումը Սումկայիթի ջարդերուն նման մարդկութեան դէմ ոճիրներու կրնայ առաջնորդել, «ինչպէս տեսանք տարի մը, 30 տարի կամ 100 տարի առաջ»։ Ան շեշտեց, թէ Պաքուին տրամադրուող աջակցութիւնները կասեցնելու կողքին, պէտք է նեցուկ կանգնիլ Հայաստանին եւ «ազատ ու անկախ Արցախին»։
Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, որ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի անդամներէն մէկն է, իր յայտարարութեան մէջ յարգանքի իր տուրքը կու տայ Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն, շեշտելով, որ 2020ի Արցախի պատերազմին ընթացքին հայութեան դէմ գործադրուած ահաւոր պատերազմական ոճիրները շարունակութիւնն էին 34 տարի առաջ տեղի ունեցած սպանդին։
Քոնկրեսական Թոնի Քարտենաս, Արցախ այցելած Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ եւ անոր պաշտօնակից Մելիսա Մելենտեզ, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտըն, որ ներկայացուցած էր Քալիֆորնիան եւ Սիւնիքը քոյր նահանգներ դարձուցած բանաձեւը, եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ քաղաքապետի պաշտօնին թեկնածու Քեւըն Տէ Լէոն ու անոր պաշտօնակից Միչ Օ՛Ֆերըլ, որ կը ներկայացնէ Փոքրիկ Հայաստանը, նման յայտարարութիւններ կատարեցին, դատապարտելով Սումկայիթի ջարդերը։