
Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի, 6 Մարտի երեկոյեան, «Մայրիկ» ճաշարանին մէջ ունեցան ծանօթացման ընթրիք մը, որուն ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Հայ աւետարանական համայնքին կողմէ վեր. Հրայր Չոլաքեան, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան եւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան, ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարեսիրական կառոյցներու պատասխանատուներ ու Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեան, որուն նախաձեռնութիւնն էին այս առաքելութեան Լիբանան գալը եւ նշեալ ընթրիքի կազմակերպումը:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց տոքթ. Էլի Թաշճեան, որ դիտել տուաւ, թէ 7 անգամ Հայաստան ու Արցախ այցելած եւ իրենց ծառայութիւնը հոն մատուցած Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան ներկայացուցիչները այս անգամ որոշած են Լիբանան գալ` քաջ գիտնալով, որ Լիբանանի տնտեսական ծանր վիճակը, ճգնաժամային կացութիւնը եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը լիբանանահայութիւնը եւս դրած են անցուկ վիճակի մէջ, առ այդմ այս անգամ կամաւոր բժիշկները իրենց ուղղութիւնը ընտրած են Լիբանանը` իրենց մասնագիտութեամբ օժանդակելու համար լիբանանահայերուն: Ան նշեց, որ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ յայտարարուած «Սփիւռքի տարուան» ծիրին մէջ իրականացած այս նախաձեռնութիւնը իւրայատուկ է իր տեսակով եւ անիկա կը միտի յոյս եւ կորով ներշնչել լիբանանահայերուն, որպէսզի այս գաղութը կանգուն մնայ եւ դարձեալ ըլլայ փայլատակող ճառագայթ: Ան տեղեկացուց, որ երեք օր ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ ծառայելէ ետք, բժիշկները պիտի այցելեն նաեւ «Թռչնոց Բոյն», Դպրեվանք եւ պիտի մեկնին Այնճար: Տոքթ. Թաշճեան ըսաւ, որ ասիկա առաջին քայլն է եւ կայծը` յառաջիկային աւելի ընդարձակ նախաձեռնութիւններու:

Խօսք առաւ նաեւ Պերճ Աբգարեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց իրենց ծրագրած ու ձգտած այս, իր բնորոշումով, փոքր քայլի իրականացումը տեսնելով: Ան այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին եւ տոքթ. Էլի Թաշճեանին, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ծրագիրին շօշափելի տեսք տալ եւ զայն իրականութեան վերածել: «Գաղափարը իր գործնականացումը չի կրնար ունենալ, եթէ չըլլան կամաւորներ, հաւատացողներ, աշխատողներ, եւ ձեռք-ձեռքի տալով գործը յառաջ տանելու պատրաստակամ անձեր», դիտել տուաւ ան` շարունակելով, որ իր ձեռնարկած աշխատանքին զօրակից կամաւորները բժիշկներն են, որոնք պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակի այս առաքելութիւնը իր բարձրութեան եւ գործնականացման հասցուցած են` իրենց համեստ, բայց վեհ հոգիով: Ան դիտել տուաւ, որ իրենց հետ բերած են 30 պայուսակ` մէկ թոն դեղորայք, սարքաւորումներ, որոնց ապահովման համար այս աշխատանքին հաւատացողներ ունեցած են իրենց նիւթական ներդրումը: Ան մեծապէս կարեւոր նկատեց այս հաւաքական աշխատանքը, համայնքին նեցուկը, յատկապէս ՀՕՄի զոյգ` «Մայր» եւ «Սոֆիա» մասնաճիւղերուն, որոնք առաջին օրէն հիւպատոսարանին կողքին եղած են եւ գաղութը զօրաշարժի ենթարկած, որպէսզի կարելի ըլլայ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան գործունէութիւնը իրականութիւն դարձնել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, իսկ այսօր` Լիբանանի: Ըստ անոր, ասիկա հիմնաքարն է Լիբանանի մէջ գործունէութեան, որուն իրականացման լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ ճշդել յառաջիկային կատարուելիքները` զիրար աւելի ճանչնալէ, կարիքները սերտելէ ետք: «Մենք սկսնակի քայլերը առինք եւ յոյս ունինք, որ միասնաբար կրնանք մեծ ծրագիրը իրականացնել եւ յառաջ տանիլ», շեշտեց Աբգարեան: Ան նշեց, որ այդ ընթրիքին նիւթական ծախսը հոգացած է ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետ Սրբուհի Մսըրլեանը` ի յիշատակ անոր եղբօր, Պէյրութ հասակ նետած, հոս ազգին ծառայած, կուսակցական, ՀՄԸՄական, Ազգային երեսփոխան Վարդգէս Մսըրլեանի` գոհունակութիւն յայտնելով, որ բժիշկները կը վերադառնան անոր ծննդավայրը` իրենց լուման ներդրելու: «Մեր հոգիները ուրախութեամբ լեցուն են, մեր առած քայլը փոքր է, կը յուսանք, որ արձագանգը մեծ ըլլայ, սակայն առանձին ոչինչ կրնանք ընել, բայց միասին կրնանք բարձր գագաթներ նուաճել եւ հոն Եռագոյնը զետեղել հպարտութեամբ», ըսաւ Աբգարեան:
«Ազդակ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Պերճ Աբգարեան հաստատեց, որ իրենք Լիբանան չեն եկած գնահատանք կամ շքանշան ստանալու, այլ եկած են ծառայելու:
«Երբ որ պատուոյ հիւպատոս նշանակուեցայ, հոգիիս մէջ պարտականութիւն մը դրուեցաւ, գիտակցեցայ, որ` իբրեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ, միայն պատուոյ սեղաններուն շուրջ խնճոյքներու ներկայ գտնուիլը չէր իմ առաքելութիւնս, այլ ծառայութիւն մատուցելը: Այս գաղափարը միշտ կար միտքիս մէջ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ. նկատի ունենալով, որ հիւանդանոցի փոխնախագահ եմ, բժիշկներու հետ ունեցած կապս զարգացուցի եւ 2015ին սկսայ առաքելութիւնը Հայաստանէն, ապա Արցախ: Քաջ գիտնալով, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական պայմանները շատ վատ են, դեղորայքի տագնապ կայ, ձրի հոգատարութեան մտահոգութիւն կայ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով շատ հարցեր կան, չուզեցինք սահմանափակուիլ միայն Հայաստանով, այլ որոշեցինք այս անգամ մեր քայլերը ուղղել Լիբանան, ըլլալ լիբանանահայութեան կողքին եւ մեր կարելին ընել անոր օժանդակելու», ըսաւ Աբգարեան, որ դիտել տուաւ, թէ բժիշկները շատ խանդավառ էին Լիբանան գալու եւ իրենց ծառայութիւնը հոս մատուցելու:
Աւարտին իր օրհնութիւնը տուաւ եւ իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց նման ողջունելի առաքելութեան իրականացման համար` շեշտելով, որ դուրսէն դիտող մը չի կրնար պատկերացնել տիրող կացութիւնը, այլ պէտք է ըլլալ գետնի վրայ, որպէսզի զգալի ըլլայ տագնապը: Ան նշեց, որ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեան, տակաւին գաղութը կը փորձէ ոտքի մնալ շնորհիւ Լիբանանէն դուրս գտնուող իր բարեկամներուն, որոնք միշտ նեցուկ են ու ապաւէն: Սրբազանը յայտնեց, որ, թէեւ լիբանանահայութիւնը այսօր տնտեսական-ընկերային ծանր կացութեան տակ սկսած է կքիլ, սակայն ան իր յոյսը չէ կորսնցուցած, դարձեալ ոտքի կանգնելու կամքով կը պայքարի, որպէսզի անգամ մը եւս կարենայ գտնել լուսաւոր ճամբան` դէպի աւելի լաւ ապագայ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բժիշկներուն, Պերճ Աբգարեանին, որոնք յոյս պիտի ներշնչեն լիբանանահայերուն, որոնք գործնապէս պիտի զգան իրենց եղբայրներուն նեցուկը եւ օգնութիւնը:
Most positive mission, hoping to see more helpful projects start to
function, helping Lebanese Wounded compatriots, once very prosper,
active in other needy country’s brothers & sisters in several fields.
Hoping to see soon, Lebanon, as second Cilicia starts back regular,
normal life.