ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի խորհրդարանի ղեկավար Արթուր Թովմասեան 11 Մարտին ընդունեց Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը։
Ողջունելով հիւրերը` Արթուր Թովմասեան բարձր գնահատեց Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հայանպաստ գործունէութիւնը` շեշտելով Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման» մասին բանաձեւի ներառման եւ Ատրպէյճանի վանտալիզմը դատապարտող բանաձեւի ընդունման առումով գրասենեակին կատարած հսկայական աշխատանքը:
Խորհրդարանի ղեկավարը անդրադարձաւ 44օրեայ պատերազմին եւ յետ-պատերազմեան իրողութիւններուն, աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներուն եւ ընդգծեց համազգային օրակարգ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը:

Գասպար Կարապետեան մտահոգիչ որակեց Ատրպէյճանի շարունակուող սադրանքները եւ շեշտեց ամէն գնով արցախցին Արցախի մէջ պահելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ «Արցախի Հանրապետութիւն- Եւրոպական խորհրդարան» բարեկամական խումբին կատարելիք աշխատանքները եւ նախանշուեցան մօտակայ ծրագիրները` Եւրոպայի մէջ Արցախի բարեկամներու ներուժը ճիշդ օգտագործելուն գծով:
Հանդիպման ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան եւ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան:
10 Մարտին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպման մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը, պահովութեան եւ մարդասիրական հիմնահարցերը: Միտքեր փոխանակցուեցան օտարերկրեայ քաղաքական շրջանակներու եւ մասնաւորապէս եւրոպական երկիրներուն մէջ ի նպաստ Արցախի աշխատանք ծաւալելուն վերաբերեալ:Հիւրերը տեղեկացուցին իրենց այցելութեան ընթացքին Արցախի պետական պաշտօնատար անձերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն մասին: