
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Կազմակերպենք Մեր Գաղութը
Գուցէ ոեւէ ժամանակ մեր ժողովուրդը այնքան պէտք ունեցած չէ արտասահմանի իր բեկորներուն աջակցութեան, որքան այս վերջին տարին: Եւ գուցէ ոեւէ ատեն ամերիկահայ հայրենասէր գաղութը այնքան թոյլ եւ անտարբեր գտնուած չէ մեր ժողովուրդի կարիքներուն հանդէպ, որքան վերջին տարին:
Այս տխուր եւ դատապարտելի երեւոյթը անտարակոյս ունի իր պատճառները: Պատճառներուն գլխաւորը թերեւս պէտք է համարել յուսալքութեան եւ վհատութեան այն ընդհանուր մթնոլորտը, որ ստեղծուեցաւ աւելի քան տարի մը առաջ մեր նորածին Հանրապետութեան գլխուն պայթած աղէտներուն եւ մեր դատին ամէն ճակատի վրայ կրած ձախողանքին հետեւանքով:
Ուրիշ պատճառ մը անկասկած կը կազմեն մեր երկրի այժմու անհարազատ եւ անվստահելի րէժիմն ու վարչութիւնը:
Երրորդ պատճառ մը պէտք է համարել տնտեսական այն սուր տագնապը, զոր ամբողջ աշխարհին հետ կ՛ապրի նաեւ այս պահուս ասդրատլանտեան մեր գաղութը:
…
Այս սիւնակներուն մէջ մենք ուրիշ առթիւ խօսած ենք ազգային ընդհանուր ինքնամփոփման, մասնաւորապէս մեր դիւանագիտական պատուիրակութիւններու իրարհասկացողութեան եւ գործակցութեան մասին: Այս առթիւ կ՛ուզենք շեշտել մեր գաղութին կազմակերպութեանց, մասնաւորապէս քաղաքական կուսակցութիւններու, իրարհասկացողութեան եւ գաղութային պատասխանատու մարմին մը ստեղծելու, այլ խօսքով, մեր գաղութը իբրեւ ամբողջութիւն կազմակերպելու մասին:
…
Մեր դատի էութեան եւ հիմնական կէտերուն մասին տեսակէտի մեծ տարբերութիւններ մենք գոնէ չենք տեսներ արտասահմանի քաղաքական երկու գլխաւոր կուսակցութեանց՝ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար-Ազատական կուսակցութեան միջեւ: Ուրեմն առանձնապէս այս երկու կուսակցութեանց ամերիկեան պատասխանատու մարմիններուն վրայ պարտականութիւն կը ծանրանայ նախաձեռնելու մեր գաղութի կազմակերպութեան գործը:
(Յապաւուած)
Մարտ 10, 1922, թիւ 834