Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 31րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, «Քլապ Պրիւժ»ը, որ հիւրը եղաւ «Ուսթենտէ»ին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան կերտեց իր կազմին այս կարեւոր յաղթանակը, երկու կօլեր նշանակելով (17րդ եւ 32րդ վայրկեաններուն):
28 տարեկան յառաջապահը փոխարինուեցաւ 80րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ ան այսպիսով իր նոր կազմին հետ նշանակեց տարեշրջանի իր չորրորդ կօլը:
Անոր կազմը այժմ կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը՝ 63 կէտերով: