ՏՈՂԱՆ ԷՕԶԿԻՒՏԵՆ
86ամեայ կեանքիս ամեէնէն զգացական միջոցառումներէն մէկուն աւարտին, հայ աքսորեալ բարեկամներուս հետ ապրած երեկոյթի յաջորդին կը գրեմ այս տողերը։
Եւրոպայի մայրաքաղաքին մէջ համարեա կէս դար միատեղ պայքարած «Պելճիքայի Տեմոքրաթ Հայերու Միութիւն»ը որոշած էր մեր աքսորեալութեան յիսնամեակին առթիւ յատուկ միջոցառում մը կազմակերպել։ Համաճարակի արգելքներուն պատճառաւ յետաձգուած այդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ նախորդ Շաբաթ երեկոյ։
Միութեան անունով տոքթ. Պօղոս Եալըմի ժողովավարութեամբ ընթացող միջոցառման ընթացքին նախ ցուցադրուեցաւ լրագրող Նազըմ Ալփմանի պատրաստած «Հայրենազուրկ Հայրենասէրը» վաւերագրական ֆիլմը, ֆրանսերէն ներքնագիրով։ Ֆիլմը կը նկարագրէր իմ եւ Ինճիի տասնամեակներու հոլովոյթով ապրած զրկանքները։
Այդ գիշեր իմ զեկոյցը իրականութեան մէջ մտերմիկ զրոյց մըն էր հայ բարեկամներուս հետ, որոնց մատնուած ծանր տառապանքին շատ ուշ գիտակցած էի։ Իմ ծնած ու հասակ առած երկրին մէջ, Օսմանեան կայսրութեան շրջանին գործադրուած եւ ապա հանրապետական տարիներուն ալ յամառօրէն ուրացուած, ժխտուած ու մերժուած ցեղասպանութեան գիտակցեցայ հազիւ Եւրոպա գալէս ետք։ Իմ տասնամեակներով ծառայած թուրք ձախակողմեան շարժումն ալ իր լուրջ թերացումը ունի այս անտեսման մէջ։ Անոնք ալ մինչեւ Հրանդ Տինքի 2007 թուականին սպանութիւնը, տգիտութեամբ կամ գիտակցաբար լռութիւն պահած էին այս հարցին հանդէպ։ Ես այս դառն իրողութեան հետ առերեսուեցայ 12 Մարտ 1971ի զինուրական յեղափոխութենէն ետք երկիրը լքելով Եւրոպա ապաստանելէս ետք։ Արդարեւ, այդ օր իմ զեկոյցի առանցքն ալ այդ խոստովանութիւնը կազմեց։
Հայրս երկաթգիծի աշխատող էր եւ իր պաշտօնին բերմամբ մեր ընտանիքը յաճախ բնակեցաւ զանազան վայրեր։ Իմ նախակրթարանի ուսման տարիներուն ալ որոշ ժամանակ ապրեցանք Կեսարիոյ Մունճոսուն գիւղը։ Ես շատ ուշ, հազիւ Եւրոպա գալէս ետք իմացայ, թէ գաղթականներով բնակեցուած Մունճուսունը անցեալին հայաբնակ գիւղ մը եղած է։ Հազիւ Ցեղասպանութենէն ետք է որ այդ գաղթականները բնակեցուած են հոն։ Պետութեան քարոզչամեքենան յաջողած է թրքաբնակ վայրերու մէջ անցեալի բոլոր յուշերը մոռացութեան տալ։
Զեկոյցիս աւարտին, հարցում-պատասխանի հանգրուանէն ետք Պելճիքայի Հայոց Տեմոքրաթական Միութիւնը իմ ու Ինճիին համար պատրաստած էր իմաստալից նուէր մը։ Ծանօթ մտաւորական Յովսէփ Հայրենի պատրաստած էր զանազան լեզուներէ փոխ անռուած բառերով որմազդ մը, ուր կ՛ողջունուէր մեր՝ բոլոր տառապողներուս հանդէպ ցուցաբերուած համակրանքը եւ զօրակցութիւնը։
Երախտապարտ ենք մեր հայ բարեկամներուն։ Նման միջոցառում մը կազմակերպելով եւ այս իմաստալից նուէրով գօտեպնդեցին ու խթանեցին նոյնիսկ յառաջացած տարիքին մէջ ալ, մեր տարած համամարդկային պայքարը։
«ԱԿՕՍ»