Թորոնթոյի համալսարանի Մերձաւոր եւ միջին արեւելեան քաղաքակրթութեանց բաժանմունքը, «Գոլոլեան» հիմնարկի նեցուկով, 2006-2007 տարեշրջանին համար հաստատած է հայագիտական երկու դասանիւթ՝ «Արմինիըն Լիթրըչըր ին թըրենսլէյշըն» եւ «Հիսթըրի աֆ Արմինիըն Քրիսթչիանիթի»: Անոնցմէ առաջին դասաւանդումը կ՚երկարի Յունուարէն Ապրիլ, իսկ երկրորդի պարագային՝ Սեպտեմբերէն Դեկտեմբեր: «Հայ գրականութիւնը՝ թարգմանութեան ընդմէջէն» նիւթը կը սկսի հինգերորդ դարէն ու կը հասնի մինչեւ մեր օրերը՝ ընդգրկելով դիցաբանական, բանաստեղծական եւ սրբաբանական թարգմանութիւններ: «Հայ քրիստոնէութեան պատմութիւն» նիւթը կը ներառէ քրիստոնէացման ծագումնային շրջանը, Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը եւ նորօրեայ իրավիճակը:
Մեծապէս քաջալերելով Թորոնթոյի համալսարանի եւ «Գոլոլեան» հիմնարկի այս նախաձեռնութիւնը, Հ.Յ.Դ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը կոչ կ՚ուղղէ Թորոնթոյի հայ ուսանողութեան՝ արձանագրուելու այս դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ՝ ջատագովը դառնալու անոնց, որ օտար ուսանողներ եւս ընտրեն այս նիւթերը: Ակնկալուած թիւի յառաջացումը պիտի նպաստէ, որ այս դասանիւթերը դառնան մնայուն եւ նախընթաց հանդիսանան յաւելեալ նիւթերու հաստատման: