ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Քննչական կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ տեղեկացնելով, որ 44օրեայ պատերազմին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ զոհուած զինուորներու եւ քաղաքացիերու ընդհանուր թիւը 3 հազար 822 է:
Ըստ կոմիտէին՝ 21 Մարտի դրութեամբ, անյայտ են 187 զինուորներու եւ 21 քաղաքացիներու գտնուած վայրերը:
Մինչեւ օրս, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնուած են 150 գերիներ՝ զինուորներ եւ քաղաքացիներ:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ տակաւին կը պահուին 44օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք գերի տարուած չորս տասնեակ հայեր: