
ԳՐԻԳՈՐ ԱՉԸԳԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1955ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Գրիգոր Աչըգեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 27 Փետրուար 2022ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022ին, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 500 Central Ave., Glendale, CA., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Վիքի Աչըգեան
Դուստրը՝ Մեղրի Աչըգեան
Որդին՝ Դրօ եւ Նիքոլ Աչըգեան
Եղբայրը՝ Սամուէլ եւ Վերժին Աչըգեան
Եղբօրորդին՝ Ժոզէֆ եւ Սոֆի Աչըգեան եւ զաւակները՝ Վահէ եւ Զարեհ
Եղբօրորդին՝ Թամար եւ Րաֆֆի Գարթալեան եւ զաւակները՝ Թալին եւ Շանթ
Քոյրերը՝ Սիրարփի Դարբինեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Մակի Աչըգեան եւ զաւակները (Գանատա եւ Լիբանան)
Քենեկալն ու քենիները՝ Պէքէրէճեան ընտանիք եւ զաւակները (Անգլիա, Լիբանան, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Լիոն)
Անի Կարապետեան եւ զաւակները
Արմէն եւ Նապիլ Աուատ (Լիբանան)
Եսթեր եւ Լեւոն Իսհակ եւ զաւակները
Աւագ Ասֆահանի եւ զաւակները (Պելճիքա)
Հելէն եւ Պօղոս Գրիգորեան եւ զաւակները (Ֆրեզնօ)
Խնամին՝ Գաբրիէլ եւ Սուհա Նալպանտեան
Եւ համայն Աչըգեան, Կարապետեան, Դարբինեան, Պէքէրէճեան, Աուատ, Իսհակ, Ասֆահանի, Գրիգորեան եւ Նալպանտեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել AYF Youth Corps-ին։