ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Միացեալ Նահանգները անպաշտօն կերպով Թուրքիոյ առաջարկած է Ուքրանիոյ փոխանցել ռուսական S-400 օդային պաշտպանութեան համակարգերը, որոնց հետեւանքով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները լուրջ տագնապի մատնուած էին։
Ըստ երեք ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու՝ այս առաջարկին մասին խօսուած է այս ամիս, արտաքին գործոց փոխնախարար Ուենտի Շըրմընի Թուրքիա այցելութեան ընթացքին։
Ուքրանիոյ ինքնապաշտպանութեան զօրակցող Թրքական իշխանութիւնները այս մասին որեւէ պաշտօնական մեկնաբանութիւն չեն կատարած, սակայն ըստ թրքական աղբիւրի մը, Անգարա մերժած է առաջարկը։
Աւելի կանուխ, Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (CIA) նախկին աշխատակից Փօլ Քոլպ The Wall Street Journal-ի էջերուն վրայ գրելով՝ առաջարկած էր, որ Ռուսիայէն գնուած օդային պաշտպանութեան համակարգերը փոխանցուին Ուքրանիոյ, ռուսական օդուժին դէմ պայքարելու համար, եւ փոխարէնը առաջարկած էր, որ Ուաշինկթըն F-35 ռազմական օդանաւեր ծախէ Թուրքիոյ։