
Ամերիկայի Հայ մշակութային միութեան 25 տարիներ շարունակ կազմակերպած նաւապտոյտներէն ետք, այս տարուան պտոյտը իւրայատուկ էր համաճարակին պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառով, որ կազմակերպիչները մղեց «հայկական դրախտ» մը ստեղծելու Տոմինքիեան Հանրապետութեան Փունթա Քանա շրջանին մէջ գտնուող Քափ Քանա շքեղ հանգստավայրին մէջ:
Ինչպէս միշտ, Հայկական նաւապտոյտին մասնակցողները վայելեցին համեղ ճաշեր, հայկական երգ, երաժշտութիւն եւ պար, փոքրիկ Հայաստան մը կազմելով Քարապիան կղզիներուն վրայ:
Նորաբաց «Հայաթ» պանդոկին մէջ մնացած մասնակցողներուն մէջ կային զանազան երկիրներէ ժամանած տարբեր տարիքի հայորդիներ, որոնց մէկ մասը առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը մասնակցէին այս իւրայատուկ նախաձեռնութեան, իսկ ուրիշներ արդէն իսկ «փորձառու» դարձած էին:
Մշակութային եւ դասախօսական ձեռնարկներու ծիրէն մէջ, մասնակցողները ներկայ եղան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանի բանախօսութեան, որ նուիրուած էր Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ տարուող Հայ Դատի ջատագովման բազմաճիւղ աշխատանքներուն:


Տեղի ունեցաւ նաեւ Անի Յովհաննէսեանի The Hidden Map վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրութիւնը, որմէ ետք ներկաները առիթը ունեցան ֆիլմին մասին հարցումներ ուղղելու դէպի իր նախահայրերուն ծննդավայրը ուխտագնացութեան գացած եւ իր փորձառութիւնը ֆիլմի վերածած Անի Յովհաննէսեանին:
Այս տարի եւս, նաւապտոյտին մասնակցողները առիթը ունեցան ծանօթանալու ՀՕՄի զանազան ծրագիրներուն, որոնք կ՛իրականացուին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: ՀՕՄի գործունէութեան մասին զեկուցումը ներկայացուց Էնճըլա Մանուկեան:
Ճոխ էր նաեւ նաւապտոյտին գեղարուեստական յայտագիրը, որուն մասնակցեցան` Արմէնչիքը, Գէորգ Արթինեան, Շանթ Մասոյեան, Անդրանիկ Քիզիրեան, Դաւիթ Հոփլամազեան, Սթիւ Ոսպիկեան, Ճորճ Թէպրէճեան, Ռաֆֆի Մասոյեան եւ DJ M-Kay:


Նկատի ունենալով մասնակցողներուն խանդավառութիւնը, Ամերիկայի Հայ մշակութային միութիւնը որոշած է 13-18 Յունուար 2023ին տեղի ունենալիք նաւապտոյտը եւս իրականացնել Քափ Քանայի մէջ:
Նաւապտոյտին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար դիմել (561) 447-0750 Ext: 201 թիւին, info@ArmenianHeritageCruise.com հասցէին կամ այցելել կայքը:
(Քաղուած Ռիչըրտ Պէրպէրեանի եւ Մերի Անտոնեանի թղթակցութենէն)
