
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 31 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Արցախի տագնապին նուիրուած՝ Black Garden Aflame: The Nagorno-Karabakh Conflict in the Soviet and Russian Press հատորին առցանց ներկայացումը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ տագնապին նուիրուած քննարկում մը։
Ներկայացումը եւ քննարկումը պիտի առաջնորդէ նշեալ հատորին հեղինակը՝ դոկտ․ Արտեոմ Տօնոյեան, որ պիտի ծանրանայ յատկապէս տագնապին մասին ռուսական մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն եւ լրատուութիւններուն վրայ։
Ձեռնարկին կարելի է հետեւիլ կայքէջէն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել կայքէջը:
