7 Մարտ 2022 թուականը ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին համար եղաւ յատկանշական: Այդ օր կեդրոնին մատուցած մարդասիրական առաքելութիւնը տարբեր հմայք մը ստացաւ, որովհետեւ Լիբանան ժամանած Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան մասնագէտ բժիշկները 7էն 11 Մարտին անվճար կերպով խնամեցին կեդրոնը ներկայացող 250 պարագաներ:
Նշեալ նախաձեռնութիւնը կը վայելէր Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի հովանաւորութիւնը, եւ մտայղացումն էր Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան նախագահ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի:
Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութիւնը անցնող տարիներուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մշակած եւ իրագործած էր զանազան մարդասիրական ծրագիրներ, իսկ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք որոշած էր այցելել Լիբանան, եւ իր ծառայութիւնը ի սպաս դնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Յետ մշակուած եւ կազմակերպուած ծրագիրի մը, պատուիրակութիւնը եկաւ Լիբանան, եւ ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը հանդիսացաւ այն վայրը, ուր Ֆրեզնոյի հայ բժիշկները ընդունեցին ներկայացող պարագաները եւ հոգեկան թէ ֆիզիքական խնամք մատուցեցին անոնց: Իւրաքանչիւր մասնագէտ բժիշկ` ընդհանուր մարմնիի, վիրաբոյժ, ատամնաբոյժ, մանկաբոյժ, ժպտադէմ, հետեւողական կերպով եւ անտրտունջ ընդունեց ներկայացող ամէն հիւանդ, յատուկ հոգատարութեամբ լսեց անոր դիմագրաւած առողջական հարցերը եւ համապատասխան ախտաճանաչումէն ետք իր թելադրանքը կատարեց:
Պէտք է նշել, թէ ամէն անգամ, երբ կեդրոնի անձնակազմը կամ հիւանդները շնորհակալութիւն յայտնելու համար դիմէին բժիշկներէն մէկուն, հետեւեալ պատասխանները կը ստանային. «Մենք եկած ենք աշխատելու, դադար առնել չենք ուզեր», «Գնահատանք ստանալու համար չենք եկած, եկած ենք միայն ու միայն օգնութեան ձեռք երկարելու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն», «Մենք աշխատանքի ժամկէտի սահմանափակում չունինք, որքան հիւանդ ներկայանայ պատրաստ ենք ընդունելու»:
Ուստի, Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան նպատակը չափազանց յստակ էր: Բժիշկները ժամանած էին իրենց մարդասիրական առաքելութիւնը կատարելու` առանց ակնկալութիւններու:
«Քորոնա» ժահրի յայտնաբերումէն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը տեղական թէ արտերկրի կազմակերպութիւններէ ստացած էր մեծաթիւ եւ բազմատեսակ օժանդակութիւններ, սակայն այս նախաձեռնութիւնը իր բնոյթով եւ գործնականացումով եղաւ եզակի, որովհետեւ Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան անդամները իրենց ֆիզիքական ներկայութեամբ, անծանօթ հիւանդին հանդէպ ցուցաբերած փափկանկատութեամբ ու անշահախնդիր հոգատարութեամբ աւելիով գօտեպնդեցին աշխատանքի մեր կորովը, ինչպէս նաեւ մղեցին զգալու եւ գիտակցելու, թէ ժողովուրդին ծառայելու մեր առաքելութեան մէջ առանձին չենք:
Արդարեւ, շնորհիւ Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան համեստ մասնագէտներուն, որոնք գէթ շաբաթ մը գործեցին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնէն մէջ եւ մեզի հետ կիսեցին մեր տագնապը, մենք յաջողեցանք կատարել 56 մանր վիրահատութիւններ, 147 պարագաներու մատուցել ֆիզիքական, տարրալուծարանի թէ շողանկարումի սպասարկութիւն, եւ 47 պարագաներու` ատամնաբուժական խնամք:
Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան ծրագիրի յաջող աւարտէն ետք, երախտիքի խօսք կ՛ուղղենք Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրեզնոյի հայ գաղութին, որոնց նիւթական ներդրումին եւ հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ իրագործուեցաւ այս նախաձեռնութիւնը:
Վա՛րձքը կատար բոլորին:
Մենք կը մնանք միշտ ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին կողքին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի
«ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ