ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն».- 21 Մարտին, Մոնթրէալի Քաղաքապետական խորհուրդը յատուկ նիստի մը ընթացքին ընդունեց բանաձեւ մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 107րդ տարելիցին վերաբերող, վերահաստատելով Մոնթրէալի քաղաքապետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու դիրքորոշումը։ Բանաձեւը կը նշէ, որ 1915ին գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր։
Նիստին մասնակցեցան Մոնթրէալի քաղաքապետ Վալերի Փլանթ, Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւնները եւ խմբաւորումները։
Հայոց Ցեղասպանութեան 107րդ տարելիցին առիթով ներկայացուած յատուկ բանաձեւի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցան Քաղաքապետական խորհուրդի հայ անդամներ Վանայ Նազարեան եւ Մարի Տէրոս, ինչպէս նաեւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Էմիլի Թուլիէ, Էֆի Ճիանու եւ Քրէկ Սովէ, որոնք նշեցին Մոնթրէալի քաղաքապետութեան կողմէ աւանդութիւն դարձած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կարեւորութիւնը։
Նշենք, որ Մոնթրէալի քաղաքապետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին առաջին բանաձեւը որդեգրած էր 1997ին։ Բանաձեւը ներկայացուցած էր այդ օրերու Քաղաքապետական խորհուրդի գործադիր մարմինի ատենապետ Նուշիկ Էլոյեան։