ԵՐԵՒԱՆ, « Արմէնփրէս», «Ազատութիւն».- Հայաստանի օրհներգի խօսքին եւ երաժշտութեան ընտրութեան մրցութային յանձնաժողովը Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21ի իր նիստին, գաղտնի քուէարկութեամբ, մրցոյթի երկրորդ փուլ անցած օրհներգի 5 տարբերակներէն 15 ձայներով ընտրեց Ա. Խաչատուրեանի երաժշտութիւնը, սակայն ոչ՝ այդ երաժշտութեան համար ներկայացուած խօսքը:
Յանձնաժողովը (որուն նախագահն է մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Յասմիկ Պօղոսեան) որոշած է առաջարկել կառավարութեան, որ Ա. Խաչատուրեանի երաժշտութեան խօսքերուն համար յայտարարէ նոր մրցանք:
Յիշեցնենք, որ Ա. Խաչատուրեանի նշեալ գործը Խորհրդային Հայաստանի քայլերգի երաժշտութիւնն էր:
Քուէարկութեան արդիւնքին մասին, ԱԺի փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան ըսաւ. «Աշխատելու ենք, որպէսզի մեր պաշտօնակիցները, պատգամաւորները ճիշդ գնահատեն իրավիճակը եւ չթողնեն, որ որեւէ այլ օրհներգ որդեգրուի… Մեր գործընկերները կառավարութիւնում էլ կ’աշխատեն, որովհետեւ հիմնը, որի տակ մարդկանց տանում էին Սիպիր… Այո, մեր վարչապետը էդ հիմնի ձայների տակ է բանտ նստել»:
«Ազատութիւն» կայանը հաղորդեց, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատգամաւորները նախաձեռնած են օրինագիծ մը, որ կ’առաջադրէ «Մեր հայրենիք»ը ամրագրել իբրեւ Հայաստանի քայլերգ:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան յայտնած է, որ կառավարութեան յառաջացուցած յանձնաժողովի որոշումը պիտի դառնայ օրէնսդրական նախաձեռնութեան հիմք:
Ազգային ժողովը պէտք է քայլերգի նկատմամբ որոշում մը տայ մինչեւ յառաջիկայ Դեկտեմբեր 5: