ՀԱԼԷՊ․- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 24 Մարտին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արդարացի Լուծում – Հատուցումներ Հայոց Ցեղասպանութեան» գիտաիրաւական հրատարակութեան Հալէպի մէջ պատրաստուած եւ տպուած արաբերէն թարգմանութեան ներկայացումը։
Ձեռնարկին ներկայ էին Հալէպի մուֆթին, Կրօնական կալուածներու տնօրէնը, հայ, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնապետներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Սուրիոյ Պաաս, ազգային եւ համայնավար կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ Աղեքսանտրեթի միութեան եւ այլ հասարակական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հալէպահայ միութիւններու եւ տեղական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, Հալէպի համալսարանի դասախօսներ, դեկաններ, Սուրիոյ ազգային լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանի տնօրէնը, իրաւաբաններ եւ արհեստակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով փաստաբան Պայքար Թովմասեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցումի իրաւական հետապնդման կարեւորութիւնը։
Ապա «Արդարացի Լուծում -Հատուցումներ Հայոց Ցեղասպանութեան» գիտաիրաւական հրատարակութեան արաբերէն թարգմանութիւնը ներկայացուց թարգմանիչը՝ իրաւաբան, Հալէպի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. Սպհի Ճորճ Տիպօ։
Ան, ներկայացնելով հրատարակութեան բոլոր բաժինները՝ յայտնեց, որ թարգմանութիւնը առիթ հանդիսացաւ հայերու պահանջատիրութեան, Հայ Դատի իրաւական հիմքերուն ծանօթանալու եւ շեշտեց, որ զեկոյցը պատրաստուած է չէզոք օտար ակադեմականներու կողմէ, յստակօրէն կը մատնանշէ միջազգային օրէնքի հիման վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ոչ թէ ճանաչման տուեալները, այլ արդէն իսկ ճանչցուած եւ ՄԱԿի 1948ի պայմանադրութեան սկզբունքներուն հիման վրայ հաստատուած իրողութիւն ըլլալուն պատճառով հայ ժողովուրդի հատուցման իրաւական հիմքերը եւ միջոցները։
Իրաւաբանը փափաք յայտնեց գործակցելու Հայ Դատին նուիրուած իրաւական տարբեր աշխատանքներու պարագային, ծանօթացնելու հայոց պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը հանրութեան եւ իրաւական շրջանակներու։
Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան։ Սրբազանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք ճանչցան ու դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յատկապէս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ խորհրդարանին, որ երկու տարի առաջ ճանչցաւ ու դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ապա ան բարձր գնահատեց գիրքի արաբերէն թարգամանութիւնը իրականացնող դոկտ. Սպհի Սալեհին։
Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած, Սուրիա հաստատուած եւ աշխարհով մէկ տարածուած հայ ժողովուրդը, ուր որ գնաց պատմեց իր ապրած ողբերգութիւնը տարբեր ազգերու եւ ժողովուրդներու, տարբեր լեզուներով։ Ընտելացաւ նոր կեանքին հետ, սակայն չմոռցաւ իր ցաւը եւ մեր մեծ մայրերն ու հայրերը մեզ պատմեցին կորուսեալ մեր հայրենիքին եւ Ցեղասպանութեան սարսափին մասին։ Հազարաւոր գիրքեր գրուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Իսկ մենք, աշխարհի տարածքին հետապնդեցինք մեր դատը, պահանջեցինք մեր իրաւունքները ու պիտի շարունակենք պահանջել, նոյնիսկ եթէ Թուրքիա փորձէ կաշառել մեզ, խաբել տարբեր լուծումներ առաջարկելով։ Մեր իրաւունքները անկոռնչելի են եւ մենք տէրն ենք մեր ժառանգութեան, ժամանակը ու փոխուող քաղաքական պայմանները չեն կրնար վերացնել մեր յիշողութիւնը եւ պահանջատիրութեան կամքը։
Ապա առաջնորդը ըսաւ, որ այս գիրքը ոչ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքները կ՛արտացոլէ, այլ ընդհանրապէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական միջոցները կը ներկայացնէ։