

ԷՆՍԻՆՕ․- Շաբաթ, 5 Մարտին, ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան Օրուան աւանդական խրախճանքը, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 131ամեակը միասնաբար տօնելու համար հաւաքուած էին առաւել քան 600 կուսակցականներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի, ՀՕՄի, ՀԵԴի, Համազգայինի, տարբեր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ եւ համակիրներ։
Երեկոյի նշանաբանն էր Գարեգին Նժդեհի՝ «Ոչ մէկ ուժ իմ հոգիէս ու սրտէս կրնայ դուրս հանել Դաշնակցութիւնը» խօսքը։
Տօնակատարութեան մասնակցողները վայելեցին Յարութ Փամպուքճեանի եւ Մկրտիչ Մկրտիչեանի ժողովրդային եւ յեղափոխական երգերու կատարումները։
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131ամեայ արշաւը պատմութիւնն է ազգային ազատագրական պայքարին եւ նուիրեալ ծառայութեան՝ հայ ժողովուրդին», խրախճանքին բացման իր խօսքին մէջ շեշտեց Դալար Մինասեան։
Ձեռնարկին ընթացքին հաւաքուեցաւ յատկանշական գումար մը, որ ի սպաս պիտի դրուի Կեդրոնական կոմիտէին գործունութեան իրականացման։






