ԱԶԳ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ՔՐԵՍԷՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ԾԽԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ
Ազգ. վարչութիւնը, շարունակելով իր հերթական հանդիպումները ծխական շրջաններու հովիւներուն եւ հոբաբարձութեանց անդամներուն հետ, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15ի երեկոյեան իր նիստին, հանդիպում ունեցաւ Քրեսէնթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանին եւ ծխական յանձնախումբի անդամներուն հետ։
Ծանօթ է, որ ծխական այս շրջանը հիմնուած էր աւելի քան տարի մը առաջ։
Յանձնախումբի անդամները ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ տուին ցարդ տարուած կազմակերպչական քայլերուն մասին, յայտնեցին, որ ամէն Կիրակի կ.ե. ժամը 1ին Ս. Պատարագ կը մատուցուի Unity Church of the Valley եկեղեցւոյ մէջ, Լա Քրեսէնթա։
Տեղեկութիւններ տրուեցան Ս. Գրային սերտողութիւններու, երիտասարդականի եւ Կիրակնօրեայի աշխատանքներու մասին։ Քննարկուեցաւ նաեւ շրջանը հոգաբարձական կազմով մը օժտելու ու այդ նպատակով անդամական ընդհանուր ժողովի մը կազմակերպման կարելիութիւնները։
ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, ծրագրուած է կեանքի կոչել մանկապատանեկան երգչախումբ մը, 7-15 տարեկան պարման պարմանուհիներու համար։
Երգչախումբի ղեկավարութիւնը ստանձնած է Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։
Փորձերը սկսան Շաբաթ, 18 Նոյեմբերին, եւ այնուհետեւ կանոնաւորապէս պիտի շարունակուին ամէն Շաբաթ օր, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2էն 4 (500 S. Central Ave.)։
Սոյն նախաձեռնութեան նպատակն է հայ երգին ճամբով մեր նոր սերունդին փոխանցել հոգեւոր ու ազգային առողջ դաստիարակութիւն։
Արձանագրութիւնները կը շարունակուին փորձի օրերուն, Շաբաթ օրերը, կ.ե. ժամը 2էն մինչեւ 4, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
ԱՌԱՉՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ Կ՚ՈՂՉՈՒՆԷ ԼՂՀ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐԿԱԴԻ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆԸ
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13ին, կ.ե. ժամը 3ին, առաջնորդ սրբազանը ներկայ եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արկատի Ղուկասեանի ի պատիւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կազմակերպած դիմաւորումի ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, Կլէնտէյլ։ Նախագահը նոյն օրը ժամանած էր Լոս Անճելըս։
Առաջնորդ սրբազան հօր կողքին ներկայ էին Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան եւ «Հայաստան» հիմնադրամի վարչութեան անդամ Բեգլար Փիլաւճեան։ Առաջնորդ սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց նախագահին եւ յաջողութիւն մաղթեց Նոյեմբեր 23ին, Գոհաբանութեան տօնին առիթով աւանդական հանգանակային թելեթոնին, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ազգ. առաջնորդարանը՝ եկեղեցիներով եւ վարժարաններով։
Առաջնորդ սրբազանն ու Ազգային վարչութեան անդամներ ներկայ եղան նաեւ «Հայաստան» հիմնադրամին կողմէ ի պատիւ նախագահին կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, Կիրակի, 19 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7ին, Լոս Անճելըսի «Օմնի» պանդոկին մէջ: