

ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի տարեկան դրամահաւաքի ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, մասնակցութեամբ առաւել քան 160 համակիրներու։
Terrace ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած դրամահաւաքի ձեռնարկին գոյացած գումարը պիտի յատկացուի Կրանատա Հիլզի «Մելքոնեան» Հայ կեդրոնին մէջ իրականացուող զանազան երիտասարդական ծրագիրներու բարգաւաճման եւ ընդարձակման։
Ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոս Պեշիր Սարգիս եւ Վենեզուելլայի մօտ Լիբանանի դեսպան Իլիաս Լըպպոս։



Փափաքելի էր, որ յայտնուէր գումարին չափը: