
«ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ՝ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՆՈՐ ԱՐՇԱԼՈՅՍԻ ԸՆԴԱՌԱՋ», ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Երեքշաբթի, 29 Մարտի յետմիջօրէին, կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանին մէջ, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի: Հանդիպման մասնակցողներն էին՝ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմինի հետ կապ Ճորճ Չորպաճեան, գանձապահ դոկտ. Գալուստ Ակոբեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Յովիկ Պետեւեան, Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Վահէ Պէնլեան եւ առցանց միացումով՝ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան:
«Հայկական վարժարանները, Հայ Սփիւռքի կեանքէն ներս, իրենց ծաւալած գործունէութեամբ եւ իրագործած նպատակներով ե՛ւ քարեղէն, ե՛ւ ոգեղէն անկրկնելի կառոյցներ են, որոնք նման ովասիսի՝ կեանք ու զովութիւն կը շնորհեն մեր նոր սերունդին, զաւակներուն ու թոռներուն: Հայ տղաքն ու աղջիկները հայկականութիւն, քրիստոնէական հաւատք, իմաստութիւն ու գիտութիւն կը ծծեն հայկական վարժարաններէն եւ կը հրաւիրուին մեր ժողովուրդի կեանքի ապագայ ղեկավարութիւնը ստանձնող առաջնորդներ եւ համայնքային կեանքի զանազան բնագաւառներու պատասխատուները դառնալու», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը՝ բացուած յայտարարելով յոյժ կարեւոր այս հանդիպումը, որուն տուն տուող պատճառը հանդիսացաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կից հողատարածքի գնման ծրագիրի գործանականացումը:

Յայտնենք, որ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրը, ուր կը գործէ Ֆերահեան Ազգային վարժարանը, աւելի քան կը կրկնապատկուի իր ծաւալով, Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ եւ տեղւոյն համայնքի նախաձեռնութեամբ ու աշխատանքով ի մօտոյ ձեռք բերելով ներկայ համալիրին անմիջական կից հողատարածքը: Հանդիպման ուրախութիւն յայտնուեցաւ, որ ծրագիրը արդէն մտած է առք ու վաճառքի իրաւական փուլ (Escrow) եւ մինչեւ երկու շաբաթ կը յստականայ արդիւնքը:
Յստակացնենք, որ ամիսներէ ի վեր այս ծիրին մէջ տքնաջան աշխատանք կը տարուի առաջնորդ սրբազանին, Ազգային վարչութեան, տեղական գործող մարմիններու եւ բարերարներու կողմէ, որպէսզի նշեալ ծրագիրը իր լրումին հասնի եւ ակնկալուած յաջողութեամբ պսակուի:
100,000 ՏՈԼԱՐԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ՝ ԻԲՐԵՒ ԹԹԽՄՈՐ
«Դպրոցաշինութիւնը մաս կը կազմէ Արեւմտեան թեմի աւելի քան կէսդարեայ առաքելութեան, որովհետեւ Ազգային վարժարանները մեր ազգի գոյութեան ամուր կռուաններն են», իր զօրակցական խօսքին մէջ ընդգծեց առաջնորդ սրբազան հայրը՝ աւելցնելով, որ Ազգային առաջնորդարանը փափաքեցաւ ժողովուրդն ու համայնքը տեղեակ պահել այս յաղթական ու պայծառ արշալոյսին մասին, որ, յառա՜ջ Աստուած, պիտի բացուի Արեւմտեան թեմին առջեւ եւ շեշտեց, որ համայնքը դրական կ՛արձագանգէ Ազգային առաջնորդարանի այս նոր ձեռքբերումին եւ բարերարներ արդէն իսկ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն զանազան մակարդակներով եւ լիաբուռն իրենց օժանդակութիւնը բերելու մեծածախս այս ծրագիրին: Եզրափակելով իր խօսքը՝ սրբազան հայրը աւելցուց, որ իբրեւ գործնական զօրակցութիւն, Ազգային առաջնորդարանը կը ստանձնէ հարիւր հազար տոլարի ($100,000) առաջին նուիրատուութիւնը կատարելու յանձնառութիւնը, յոյժ ողջունելի այս ծրագիրի ի կատար ածման ճամբուն վրայ զայն իբրեւ թթխմոր օգտագործելու համար:
(Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցենք յառաջիկային)
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ