ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ճորճ Քէյսի եւ Իրաքի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Զալմայ Խալիլզատ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեցին, թէ Իրաքի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են այնպիսի քայլերու դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին ապահովական վիճակը բարելաւել:
Անոնք աւելցուցին, թէ իրատես կը նկատեն իրաքցիներու այն երաշխիքները, թէ այս նպատակը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել յառաջիկայ 12-18 ամիսներուն, որմէ ետք ամերիկեան ուժերը պիտի սկսին աստիճանաբար հեռանալու պատրաստութիւններ տեսնել:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի ընտրութեանց նախօրեակին կատարուած այս յայտարարութիւնները շատ հաւանաբար կը կատարուին մեղմացնելու համար ամերիկացիներու այն մտավախութիւնները, թէ Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը երկարատեւ ու ծախսալից պիտի ըլլայ:
Խալիլզատ ընդունեց, թէ նախնական հանգրուաններուն ամերիկեան ուժերը պիտի շարունակեն օժանդակել իրաքեան բանակին եւ ոստիկանութեան, միաժամանակ Իրաքի կառավարութեան հետ պիտի գործակցին միջհամայնքային լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով:
Երկու ամերիկացիները նաեւ ընդունեցին, թէ իրաքեան ապահովական ուժերն ու կառավարութիւնը շատ դժուար առաքելութեան մը առջեւ կը գտնուին, սակայն բացատրութիւն չտուին, թէ Ուաշինկթըն ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէ, եթէ իրաքեան կառավարութիւնը իր տուած խոստումները չկարենայ ժամանակին իրագործել:
Խալիլզատ աւելցուց, թէ իսլամական Ռամատան ամսուան ընթացքին աւելի քան 300 իրաքցի զինուորներ եւ ոստիկաններ սպաննուած են Իրաքի տարածքին, մինչ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 89ի հասած է:
Ամերիկացի ղեկավարներ շեշտեցին, թէ միջհամայնքային լարուածութիւնը մեղմացնելու համար հարկաւոր է սահմանադրութեան շուրջ վերջնական համաձայնութիւն գոյացնել ու բարելաւել երկրին տնտեսական վիճակը, միաժամանակ ապազինելով ոչ պետական զինեալ խմբաւորումները:
Կառավարութիւնը իրենց հակակշռին տակ պահող շիիները ցարդ բաւարար քայլերու չեն դիմած զինեալ կազմակերութիւնները ապազինելու նպատակով եւ կ’ընդդիմանան սահմանադրութեան մէջ սիւննիներու առաջադրած փոփոխութիւններուն: Քիւրտերը եւս դէմ են սիւննիներու այն առաջարկին, թէ հարաւային ու հիւսիսային շրջաններուն շնորհուած ինքնավարութեան իրաւասութիւնները պէտք է սահմանափակել:
Յայտնենք, թէ Սի.Էն.Էնի. կողմէ Երկուշաբթի օր հրապարակուած հարցախոյզ մը ցոյց տուած է, թէ ամերիկացիներուն միայն 20 տոկոսը համոզուած է, որ Ամերիկա յաղթական է Իրաքի մէջ, մինչ անցեալ Դեկտեմբերին այդ համեմատութիւնը գրեթէ 40 առ հարիւր էր: Նաեւ, հարցախոյզին մասնակցողներուն 65 տոկոսը դէմ արտայայտուած է Իրաքի պատերազմին: