Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 31րդ հանգրուանի մրցումներուն, «Ա. Էս. Ռոմա»ն, որ հիւրը եղաւ «Սամտորիա»ի, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
«Ռոմա»ի յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան, որ 27րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին «որբ» կօլը:
Անոր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Հռոմի կազմը 54 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5րդ դիրքը: