Հինգշաբթի, 31 Մարտի առաւօտեան, Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աւարտական կարգի մօտաւորապէս 60 աշակերտներ, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանի եւ ընկերակցութեամբ դաստիարակներու, այցելեցին Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպեցան եւ մտերմիկ զրոյց մը ունեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ:
Առաջնորդը նախ ողջունեց խանդավառ աշակերտները, ապա անոնց խօսեցաւ հայ մարդու ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւորութեան մասին՝ շեշտելով, որ հայոց եկեղեցին եւ լեզուն, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթը բոլոր ժամանակներու համար կը հանդիսանան հիմնական կռուանները հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան եւ ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման ու գոյատեւման:
Հանդիպման ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն՝ կենդանի օրինակներով համեմելով իր խօսքը, ապա բարձր գնահատեց պատանի աշակերտներու Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին մաս կազմելու իրողութիւնը՝ նոյն ժամանակ ուրախութիւն յայտնելով, որ աւարտելէ ետք դպրոցը, իրենց հետ պիտի տանին ամբողջ կեանք մը լեցնող հարստութիւն մը, որ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնն է:
Հուսկ, վարժարանի տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Թորգոմ եպիսկոպոսին, որ մօտէն կը հետաքրքրուի Ազգային վարժարաններու եւ աշակերտութեան իրավիճակով: Հրաժեշտի պահուն, աշակերտները սրբազան հօր կողմէ ստացան յուշանուէրներ: