
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Շաբաթներ տեւած հարցազրոյցներէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յստակացուց 7 Յունիսին տեղի ունենալիք Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն իր զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներու ցանկը։
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնակարգ նպատակներէն մէկն է՝ ընտրութիւններուն մեծ թիւով հայերու մասնակցութեան ապահովումը, յատկապէս այս օրերուն, երբ Հայաստան եւ Արցախ կը գտնուին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցեղասպանական նորագոյն արշաւին դէմ յանդիման», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ Հայ Դատի աջակցութիւնը ապահոված թեկնածուները փաստած են, թէ շրջանի հայութեան նեցուկ պիտի կանգնին։
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն Հայ Դատը կը զօրակցի հետեւեալ թեկնածուներուն․
– Ա․ ընտրաշրջան՝ Ժիլպեր Սետիօ
– 3րդ ընտրաշրջան՝ Պապ Պլումֆիլտ
– 5րդ ընտրաշրջան՝ Սեմ Եպրի
– 7րդ ընտրաշրջան՝ Մոնիքա Ռոտրիկեզ
– 13րդ ընտրաշրջան՝ Միչ Օ՛Ֆերըլ
– 15րդ ընտրաշրջան՝ Թիմ ՄըքՕսքըր
Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն իսկ յայտարարած էր, թէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետի ընտրապայքարին մէջ կը զօրակցի Քեւըն Տէ Լէոնին։