ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն, աշխատանքի տեղաւորուած է 6986 գործազուրկ, յայտնեցին զբաղուածութեան պետական ծառայութենէն եւ աւելցուցին, որ աշխատանքի տեղաւորուածներու 60%ը կը պատկանի իգական սեռին:
Նոյն ամիսներուն, մասնագիտական ուսուցման ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուած են 763 գործազուրկներ, որոնցմէ 410ը պետական ամավարկի, իսկ 353ը ընկերային ապահովութեան պետական հիմնադրամի ֆինանսական միջոցներով: Վարձատրուող հասարակական աշխատանքներուն մէջ ընդգրկուած է աշխատանք փնտռող 7913 անձ:
Նոյեմբեր 1ի դրութեամբ, գործատուներու կողմէ ներկայացուած թափուր աշխատատեղերու ամսական միջին թիւը կազմած է 1362: Երեւանի մէջ մեծ տոկոս կը կազմէ բանուորական եւ սպասարկման ոլորտներու մասնագէտներու պահանջը (92.3%), սակայն մարզերուն մէջ կը գերակշռէ բժիշկներու, դեղագործներու եւ ուսուցիչներու պահանջը (46.2%):