
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿը եւ ՄԱԿը ողջունեցին 6 Ապրիլին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:
ԵԱՀԿի Լեհաստանի նախագահութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ ողջունելի են Եւրոպական խորհուրդի նախագահին հովանիին տակ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հանդիպումը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան հնարաւոր համաձայնագիրի գործընթացի մեկնարկը։ «Գործող նախագահը պատրաստ է աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ խաղաղ միջավայր ապահովելու բոլոր ջանքերուն», կը հաստատուի յայտարարութեան մէջ։
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի անունով ողջունեց հանդիպումը եւ ըսաւ հետեւեալը. «Մեզ կ՛ոգեւորէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարձրագոյն մակարդակով շարունակուող անմիջական փոխգործակցութիւնը: Մենք ի գիտութիւն կ՛ընդունինք կողմերուն յայտարարած յանձնառութիւնը` հետագայ բանակցութիւններուն եւ ճշգրիտ քայլերուն վերաբերող, որոնք կը միտին խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման»:
Տիւժարիք երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ Եւրոպական Միութեան դերակատարութեան՝ կապերու շարունակութեան նպաստելու առումով եւ կոչ ուղղեց կողմերուն` բոլոր վիճելի հարցերը լուծելու երկխօսութեան միջոցով ու գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերու ծիրին մէջ։
«ՄԱԿը պատրաստ է աջակցելու այսպիսի բոլոր ջանքերուն, որոնց կարգին` մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու, վերակառուցման եւ խաղաղութեան հաստատման աջակցելու միջոցով», յայտնեց Տիւժարիք ։