ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Եւ եղաւ, որ Տիր նայուածքը կեդրոնացուց տպարան Սեւանի «Սփիւռք»ին վրայ ու ըսաւ «Եղիցի՜ կապոյտ լոյս»։ Խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանը, լոյսերուն մէջը հանգչի, հաւաքեց մեզ «սկսնակ»ներս եւ աւետեց իր գիւտը – ամէն լաւ բան որ յղանար՝ գիւտ կ՛անուանէր – նորագոյնը՝ երկու ամիսը անգամ մը «Սփիւռք» շաբաթաթերթը լոյս պիտի տեսնէ, ծայրէ ծայր կապո՜յտ գոյն մելանով, եւ իր դարպասներէն ներս պիտի ընդունի միմիայն երիտասարդ գրողներ։
Այդ կապոյտին պայծառութիւնը ըմբռնեցինք, երբ լոյս տեսաւ «Սփիւռք-Գարուն»ի առաջին թիւը, 1966ի Դեկտեմբերին։ Սիմոնեանին աչքերուն մէջ ժպիտ կար, երբ թիւը ցոյց կու տար մեզի։ « Գարո՛ւն էք դուք, երկինքի կապոյտը կը վայելէ ձեզի։ Ահա ասկէ ետք դո՛ւք պիտի որոշէք գրութիւնները, ես աչքէ կ՛անցընեմ, բայց դուք պիտի խմբագրէք «Սփիւռք-Գարուն»ը . ես միա՜յն պիտի տպեմ»։ Ցուրտ ձմեռ էր դուրսը, ներսը արեւավառ ճամբայ մը կը բացուէր մեր առջեւ։
Ախ այդ ի՜նչ գուրգուրանք էր, որ Սիմոնեան կը տածէր նոր սերունդին նկատմամբ։ Կապոյտը, խաղաղութիւնը, ընտանեկան ջերմութիւնը, համայնքային եռուն կեանքը , սէրն ու գորովը, մայրիներու շունչը Միջերկրականի շնչառութիւնը, ինչպէ՞ս յաջող չըլլային մեր ստեղծագործութիւնները։ Վերջին թիւը լոյս տեսաւ 1970ին։
Մեր ճամբան գարուն չմնաց անշուշտ. երբեմն եղանակները իրար խառնուեցան, երբեմն ձմեռը երկարեցաւ, փոթորիկ ու կայծակ տեղաց՝ քսան, երեսուն, քառասուն, յիսո՛ւն տարի անցաւ։ Բայց մինչեւ հիմա, երբ խօսինք իրարու հետ, չենք կրնար չկրկնել, թէ ի՛նչ բախտաւոր ենք, որ պարոն Սիմոնեանը ունեցանք իբրեւ ուղեցոյց եւ պատսպարան։
Շատ չէինք թիւով, բայց շատ կը խօսէինք, բացի մէկէն՝ Խոսրով Ասոյեանէն։ Ինքզինքնուս հովեր տուած 17-18 տարեկան պատանիներ, Շաբաթ օրերը տպարանի գրասենեակին մէջ խմբուած՝ հասած բազմաթիւ գրութիւններէն ընտրութիւն կը կատարէինք։ Խոսրովը իր երկար հասակով, ջղուտ, շիփ-շիտակ նստած, լարուած աչքերով կը հետեւէր եւ յանկարծ տուեալ գրութիւնը ճիշդ բնորոշող նախադասութիւն մը կ՛արտաբերէր։
Աչքերուն մէջ միշտ փայլք կար, կարծես, թէ այդ տարիքին խորհրդաւոր անցեալ մը շալկած էր։
Իրողութիւնը այն է, որ խորհրդաւորը նուիրականը պարագրկեց ու պաշտպանեց աւելի ուշ, երբ Լիբանանի պատերազմը ծայր առած էր. դարձաւ զինեալ պահակ, միշտ պատրաստակամ օգնելու, զուսպ ու գթասիրտ։ Աւելի ետք՝ Արցախ գնաց իբրեւ կամաւոր, պաշտպանեց Արցախը առաջին պատերազմին, ինչե՜ր ապրեցաւ ու գրեց անոնց մասին։ Եթէ չեմ սխալիր՝ Սփիւռքի մէջ թերեւս առաջին անձն էր, որ երբեւիցէ հրատարակած ըլլայ բանաստեղծութիւն Ղարաբաղի մասին։ Իր էութեան՝ մաս կը կազմէր Երկի՛րը, ոչ միայն բանիւ, այլ նաեւ՝ գործով։
Տակաւին շիկացած պատերազմ էր Լիբանան, երբ Երուանդը եկաւ Ամերիկա, Մարկոն՝ Ամերիկա, Վարդին՝ Գանատա, Յարութիւնը՝ Գանատա, ես ալ ճամպրուկով մը հասայ Ամերիկա, Պօղոս Գուբելեանը Ափրիկէէն եկաւ Ամերիկա, Խոսրովը՝ Լիբանանէն Ամերիկա։
Ահա՛ լուսանկարը, քառասունհինգ տարի ետք Լոս Անճելըսի մէջ։ Եու․Սի․Էլ․Էի․ կազմակերպած գրական համագումարին հանդիպեցանք։ Մհեր Պապեանն ու իր տիկինը գիշեր մը մեզ հիւրասիրեցին իրենց տան մէջ, Խաչիկ Թէօլէօլեանն ալ կար, Մարուշ Երամեանն ալ կար. Կասիա եւ Օհան Արմէնեաններն ալ կային։
Տեղահանուած էինք, բայց կէս դարեայ կնիքը վրանիս՝ Գարունականներն էինք։ Քով-քովի նստանք աստիճաններուն վրայ եւ նկարուեցանք։ Ետեւի շարքը ձախէն՝ Երուանդ Գոչունեանն է, Պօղոս Գուբելեանը եւ Խոսրով Ասոյեանը , իսկ առջեւի շարքը՝ Վարդի Դանիէլեանը, ես, Մարկօ Ճեմճեմեան-Քիւփէլեանը, գարնանաժպիտ նստեր ենք։ Հէ՜յ Սիմոնեան, ականջներդ խօսին։
Ո՛չ պատերազմ կար, ո՛չ երկրաշարժ եղաւ. բայց ամիս մը առաջ բան մը պատահեցաւ եւ Սիմոն Սիմոնեան հիմա նորէն ստանձնած է հայրական գուրգուրանքը. Խոսրով Ասոյեանը հասած է իր մօտ։
Ասոյեանի երկե՞րը՝ «Կէտեր», «Արեւագալ», «Վեր ա դարձ», «Մենք Ենք Մեր սարերը», «Ձայնը», «Հազրոն», «Անաւարտ Պատարագ», «Կանչը»:
Խոսրո՛վ, միշտ ազնուական, արիասիրտ ու արթնամիտ գրչեղբայր, մենք՝ պատերազմէ, արհաւիրքներէ անցածներս շատոնց սորվեր ենք, թէ կեանքը արդար չէ։ Բայց քեզի հանդէպ անարդարութեան սահմանը անցաւ, անգութ եղաւ։ Կնոջդ եւ երեք զաւակներուդ անհատնում գուրգուրանքի ընթացքին դուն՝ ամուսին, հայր ու ամրաբազուկ ռազմիկ, հիւծեցար, մաշեցար։ Մահէդ քանի մը ամիս առաջ Հայաստան եւ Արցախ այցելեցիր դարձեալ։ Քու բանաստեղծ բարեկամդ Յարութիւն Պէրպէրեանը ինչ կսկիծով կը հաղորդէր մեզի վիճակդ։ Եղաւ անխուսափելին, անագորոյնը. դադրեցաւ բանաստեղծին գրչի հոսքը։
Բայց կը մնայ անոր խօսքը – մարդասէր ու հայրենասէր, սիրառատ ու զուսպ, պիրկ եւ համապարփակ։ Շնորհակալութիւն Յարութիւն Պէրպէրեանին եւ Սարգիս Մահսէրէճեանին, որոնք կը խմբագրեն գործերուդ հատընտիրը։ Եւ օր մը երբ բոլորին մատչելի դառնայ գործդ պիտի տեսնեն, որ թէպէտ անշունչ ես ֆիզիքապէս, բայց հոգիդ ո՛չ միայն կը շնչէ, այլ՝ կը ներշնչէ՛։
Հիմա յոգնատանջ աճիւնդ կը հանգչի Արցախի եւ Հայաստանի գիրկին մէջ։
Երանի անոնց որոնք իրենց կեանքի ընթացքին արդէ՛ն լուսեղէն էին։
Ապրիլ 7