ԵՐԵՒԱՆ.- 12 Ապրիլին, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պոյքոթի ենթարկեց Ազգային ժողովի նստաշրջանը՝ յայտարարելով, որ փոխարէնը պիտի մեկնի Արցախ եւ սահմանամերձ մարզերը, ուր երկրի առաջնահերթ օրակարգն է։ Այս մասին յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան:
Ընդդիմութիւնը այդ քայլը առաւ՝ մեղադրելով իշխող ուժը Հայաստանին ու Արցախին վերաբերող իրական օրակարգերը քննարկելու, լուծումներ գտնելու փոխարէն կրաւորական կեցուածք ցուցաբերելուն համար:
«Կայ սպառնալիք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեանը, վտանգուած է Արցախը: Այսպէս կոչուած` խաղաղութեան պայմանագրի շրջանակներում մեր ժողովրդին նախապատրաստում ենք նոր զիջումների, նոր պարտութեան, նոր նուաստացման: Իրավիճակին ոչ համարժէք է դրսեւորում խորհրդարանական մեծամասնութիւնը», յայտարարեց Օհանեան եւ իր խօսքը աւարտելէ ետք Արցախի դրօշը խորհրդարանի ամպիոնին վրայ բարձրացուց: Արցախի դրօշը նաեւ ընդդիմադիրներու նստատեղիներուն դրուեցաւ:
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու այս քայլը «ցածր պոպուլիզմ (ամբոխահաճութիւն), կեղծաւորութիւն ու հակաարցախեան, անգամ պետականութեանը սպառնացող քայլ» նկատուեցաւ իշխանաւորներուն կողմէ:
Ընդդիմադիրները գործադրեցին իրենց յայտարարութիւնը եւ ուղղուեցան Արցախ, սակայն, ռուս խաղաղապահները արգիլիցին «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներուն Արցախ մուտք գործել։
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ կը կատարուի Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հերթական յանցաւոր պայմանաւորուածութեան գաղտնազերծումը՝ նշելով, որ վերջինները շատ արագ եւ միաժամանակ արձագանգեցին ընդդիմադիր պատգամաւորներուն Արցախ մեկնելու յայտարարութեան եւ անցակէտին փոխանցեցին Արցախ մեկնող քաղաքական գործիչներուն անունները` պահանջելով թոյլ չտալ անոնց մուտքը Արցախ:
«Բացայայտուեց Արցախը մեկուսացնելու, այնուհետեւ հայաթափելու դաւադիր գործարքի հերթական փաստը: Յատկանշական է, որ մեր այցի հետ կապուած Ադրբեջանի եւ ՀՀ օրուայ իշխանութիւնների արձագանգը նոյնական էր եւ փոխլրացնող: Տեղեկացնեմ, որ Արցախի խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւնների ղեկավարների հետ մեր հանդիպումն ամէն դէպքում կայացաւ` Աղաւնոյի անցակէտում: Մենք միասնական ու վճռական ենք Արցախի եւ Հայաստանի դէմ իրականացուող քաղաքականութիւնը վիժեցնելու եւ մեր երկրի շահերին տէր կանգնելու հարցում», շեշտեց ան։
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յաւելեալ մանրամասնութիւն տալով՝ նշեց, որ «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները ներկայացնող պատգամաւորներուն չեն բացատրած Արցախ մուտքը արգիլելու պատճառները։
«Ուղղակի մեր մուտքը ռուս խաղաղապահներն արգելել են, յատուկ ցուցակ էր տրուած նրանց: Բայց մինչեւ հասնելը ռուս խաղաղապահներին, ճանապարհին եւս մէկ արտառոց դէպք արձանագրեցինք, որ Տեղ գիւղում` հայկական անցակէտում սահմանապահ զինուորականներն ուղղակի պատգամաւորների բոլոր անձնական տուեալները` անձնագրային տուեալները, ծննդեան ամսաթիւ, թիւ, տարեթիւ, ամբողջութեամբ ճշգրտում էին` ենթադրաբար արձանագրելով, թէ կոնկրետ (յստակ, ճիշդ) որ պատգամաւորներն են մեկնում Արցախ, եւ դրանից կարճ ժամանակ յետոյ արդէն ռուս խաղաղապահները նոյն անուն-ազգանուններով, նոյնիսկ հայրանունները անգիր յիշելով, ճշտում էին եւ ասացին, որ մեր մուտքն արգելուած է», յայտարարեց Գեղամ Մանուկեան:
Ան նշեց, որ ժամեր շարունակ Աղաւնոյ գիւղին մօտ գտնուող անցակէտին վրայ կանգնեցան, կապ հաստատեցին Արցախի խորհրդարանի ղեկավարութեան հետ, եւ 5 խմբակցութիւններու ղեկավարները եկան հոն, ուր քննարկում կատարուեցաւ։
«Վերահաստատել ենք մեր վճռականութիւնը Արցախի մեկուսացման, Արցախի հայաթափման դէմ պայքարում, բայց այս բոլոր փաստերի համադրումը վկայում է մէկ բան, որ սա պատահական չէր արուած. այսօրուայ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ Նիկոլ Փաշինեանն ուղղակի հերթական ստուերային համաձայնութիւնն ունեն Ալիեւի հետ, նաեւ տեղաշարժի սահմանափակումներ մտցնելու, որովհետեւ եթէ այսօր պատգամաւորների մուտքն է արգելուած, վաղը չի բացառւում, որ մէկ այլ քաղաքական գործչի, անհատի կամ հազարաւոր մեր հայրենակիցների երթեւեկը դէպի Արցախի Հանրապետութիւն արգելուի», ըսաւ Մանուկեան։
Աւելի ուշ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի ծառայողները չեն թոյլատրած Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներու Արցախ մուտքը։
«Նշուած գործողութիւնը հակասում է 2020թ. Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեանը, որով նախատեսւում է Լաչինի միջանցքով Լեռնային Ղարաբաղի անխափան կապը Հայաստանի հետ: Յայտարարութեան բոլոր կողմերը պէտք է խստօրէն հետեւեն դրա տառին եւ ոգուն, ինչպէս նաեւ իրականացնեն ստանձնած պարտաւորութիւնները», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: