ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը անցած 24 ժամերուն ընթացքին արձանագրած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Փառուխի տարածքին մէջ զինադադարի պահպանման դրութեան խախտման դէպք մը, որուն պատճառով հայկական կողմէն զինուոր մը վիրաւորուած է: Խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութիւնը երկու կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ համագործակցութեամբ հարթած է միջադէպը:
Նշուեցաւ, որ ռուս խաղաղապահները քսանեօթը դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման դրութեան պահպանման վերահսկողութիւն կը կատարեն։