ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Երեքշաբթի, 12 Ապրիլին, Իրաքի Հայ Դատի մարմինը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինին՝ այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Իրաքի Հայ Դատի մարմինը ամփոփ գիծերով հայրապետին ներկայացուց իր աշխատանքները։ Ապա, վեհափառը իր մտածումները պարզեց եւ թելադրութիւնները կատարեց իսլամական աշխարհին մէջ Հայ Դատի աշխատանքները աւելի ազդու կերպով կազմակերպելու գծով, յատկապէս նկատի ունենալով միջավայրին վերաբերող քաղաքական եւ կրօնական մօտեցումները ու զգայնութիւնները:
Այս առիթով հայրապետը գնահատեց թէ՛ իսլամական աշխարհին մէջ եւ թէ ընդհանրապէս Հայ Դատի մարմիններուն կատարած աշխատանքը մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման ուղղութեամբ: