ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարտակերտի շրջանի Եարըմջա բնակավայրին մէջ արձանագրուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ շփման գիծի հաստատուած խախտում: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ փոխգործակցութեամբ միջոցներու ձեռնարկեց՝ միջադէպը կարգաւորման ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.