ԱՆԹԻԼԻԱՍ.-Կիրակի, 17 Ապրիլին, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը նշելու, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Հայրապետական Ս. պատարագի մատուցման ներկայ ըլլալու եւ Արամ Ա. վեհափառին պատգամը լսելու համար:
Կաթողիկոսին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին՝ Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ Շահան արք. Սարգիսեան:
«Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը յաղթանակի տօն է. յաղթանակը երկինքին՝ մեղքով եւ ապականութեամբ շաղախուած երկրին դէմ, յաղթանակը ճշմարտութեան՝ կեղծիքին ու սուտին դէմ, յաղթանակը յաւիտենականութեան՝ ժամանակաւորին դէմ, յաղթանակը կեանքին՝ մահուան դէմ, յաղթանակը Աստուծոյ Թագաւարութեան՝ մարդու թագաւորութեան դէմ», ըսաւ հայրապետը՝ նշելով, որ այսպէս ըմբռնեց Եկեղեցին Քրիստոսի յարութիւնը, որ եղաւ կենսատու աղբիւր ու վեհ առաքելութիւն, ու անով զօրացած Եկեղեցին դարերու ընթացքին ինքզինք արժեւորեց եւ իրագործեց մարդկային կեանքին մէջ: