
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Հիլտա Սոլիսին, որ ընտրապայքարի սկսած է՝ վերընտրուելու համար իր պաշտօնին, ներկայացնելու համար Ա. ընտրատարածքը։
Նշենք, որ վերջերս տեղի ունեցած Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդի ընտրատարածքներու սահմաններու փոփոխութիւններէն ետք, Փոքրիկ Հայաստանը այսուհետեւ մաս պիտի կազմէ Ա. ընտրաշրջանին, որուն ներկայացուցիչը ներկայիս Սոլիսն է:
«Հանրային սպասարկուի՝ իր երկար ասպարէզին ընթացքին, Հիլտա Սոլիս փաստած է, որ մօտիկ բարեկամ է ամերիկահայութեան», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ Հայ Դատը մօտէն պիտի գործակցի Սոլիսի հետ, Ա. ընտրատարածքի հայ համայնքի կարիքները հոգալու նպատակով:
Յիշեցնենք, որ Սոլիս արաջին անգամ 2014ին ընտրուած էր Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ՝ ներկայացնելով Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը, Արեւելեան Լոս Անճելըսը եւ Սան Կապրիէյլ հովիտը, ուր մեծ թիւով հայեր կապրին, յատկապէս Մոնթեպելլօ քաղաքին մէջ։
Ան նաեւ եղած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամ, իսկ 2000ին ընտրուած էր Ներկայացուցիչներու տան անդամ եւ եղած էր Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին գործօն անդամներէն մէկը։
Սոլիս իրեն համար պատիւ համարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ցուցաբերած զօրակցութիւնը եւ յիշեցուց, թէ տարբեր մակարդակներու վրայ զօրակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն՝ աւելցնելով, որ վերջերս նաեւ Փոքրիկ Հայաստանի հայկական հաստատութիւնները այցեց, ամուր հիմերու վրայ դնելու համար շրջանի հայ համայնքին հետ ապագայ գործակցութիւնը։