
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Ազգային վարչութիւնը, մեծաւ ուրախութեամբ ու հոգեկան անսահման խնդութեամբ կու գան յայտարարելու, որ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին կողքը գտնուող հողաշերտը, որ տարածութեամբ աւելի ընդարձակ է քան ներկայ կալուածը, Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2022ին դարձաւ Ազգային առաջնորդարանի սեփականութիւնը:
Այս նոր կալուածը յատկապէս պիտի երաշխաւորէ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի ապագայ գործունէութեան ընդարձակումը՝ իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ ընդհանրապէս օգտակար պիտի հանդիսանայ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ տեղւոյն համայնքի առաւել ծաղկումին: Առ այս, ուրախ ենք յայտարարելու, որ Ազգային առաջնորդարանը, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրը, բարերարներ, բարեկամներ եւ ժողովուրդ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն՝ ամէնէն կարճ տեւողութեան մէջ փակելու համար նոր կալուածի գնման նիւթական մեծ պարտաւորութիւնը:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը, յանուն Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւին ու Հոգաբարձութեան, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ Ուսումնական խորհուրդին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անանուն այն բարերարին, որ ամբողջ ամիսներ այս գործի յաջողութեան համար, բոլորանուէր իր զօրակցութիւնը յայտնեց եւ նոր կալուածի գնման յաջողութեան մէջ առիւծի իր բաժինը բերաւ՝ նուիրելով 5 միլիոն տոլար։
(Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ)
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Very important investment to keep Armenian language and culture
expansion on western USA, contrary in Armenia where, non national
external pressure, suggest to open Russian schools, replacing
Armenian. Stalin in his tomb now is very happy, first destroying
root base of language, now see forcing to open Russian schools,
SLOWLY BUT SURELY TOTALLY *SACRIFICING* ARMENIA STEP
BY STEP, DAY AFTER DAY. WISHING NEW *FERAHIAN SCHOOLS*
OPENING IN DIASPORA AND SPECIALLY IN ARMENIA NOT
CLOSING AND ONLY “REPLACING” WITH NON ARMENIAN !!!.