ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱՊՀ հակաահաբեկչական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 27ին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ ԱՊՀ երկիրներու հակաահաբեկչական ստորաբաժանումներու ղեկավար անձնակազմի հաւաքին: Երկօրեայ հաւաքին կը մասնակցին անվտանգութեան մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու պատուիրակութիւններ, ԱՊՀ կանոնադրական եւ աշխատանքային մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Հաւաքի բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն, զօրավար Գոռիկ Յակոբեան եւ ԱՊՀ հակաահաբեկչական կեդրոնի ղեկավար Պորիս Միլնիքով:
Հաւաքին դիտորդի կարգավիճակով հրաւիրուած էին «Ութերու խումբ»ի պետութիւններու, ԵԱՀԿ քարտուղարութեան հակաահաբեկչական ստորաբաժանման, ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդի հակաահաբեկչական կոմիտէի, ՄԱԿի թմրանիւթերու եւ յանցաւորութեան, ինչպէս նաեւ Շանկհայի գործակցութեան կազմակերպութեան հակաահաբեկչական տարածաշրջանային կառուցուածքներու ներկայացուցիչներ:
Հաւաքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի նախագահին առընթեր ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան, ոստիկանապետ Հայկ Յարութիւնեան:
Նոյն օրը հաւաքի մասնակիցները այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն: