ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»․- 2022ի առաջին եռամսեակին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ Ուքրանիա Թուրքիայէն 30 անգամ աւելի զէնք ստացած է, կը հաղորդէ Թուրքիոյ արտածողներու խորհուրդը, ըստ որուն, Թուրքիա 2022ին Ուքրանիա արտածած է 59.1 միլիոն տոլար արժող զէնք-զինամթերք՝ 2021ի առաջին եռամսեակի 1.9 միլիոն տոլարի արտածումներուն դիմաց:
Կը նշուի, որ վերջին տարիներուն, Ուքրանիա թրքական «Baykar Makina» ընկերութենէն գնած է առաւել քան 20 «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր եւ Յունուարի վերջը ապսպրած է եւս 16 սարքեր, որոնք առաքուած են Մարտի սկիզբը:
Ըստ հրապարակուած տուեալներուն՝ Անգարայի ռազմական ընդհանուր արտածումները առաջին եռամսեակին, նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ աճած են 48.6 տոկոսով: