

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական խմբակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր կողմէ տրամադրուող կրթանպաստներու տարեկան մրցանքին շահողները յստակացած են:
Մրցանքին ներկայացուած շարադրութիւնները պէտք է գրուէին՝ իբրեւ դիմում ամերիկահայութեան նուիրուած ազգային թանգարանի տնօրէնութեան, համոզելու համար զայն, որ ամերիկահայ անձնաւորութիւն մը պէտք է ներկայացուի թանգարանի «Հռչակաւոր հայեր» սրահին մէջ:
Մրցանակակիրներն են՝ Ֆրենսին Ղազարեան (առաջին՝ 1000 տոլար), Շան Չու (երկրորդ՝ 750 տոլար) եւ Վերոնիքա Ղազայեան (երրորդ՝ 500 տոլար):
Գծագրութեան մրցանքին այս տարուան մրցանքին նիւթն էր՝ «Միջմարդկային յարաբերութիւններ»:
Մրցանակակիրներն են՝ Քայլա Ռենի (առաջին՝ 1000 տոլար), Քլոյի Լու (երկրորդ՝ 750 տոլար) եւ Միքայէլ Պատալեան (երրորդ՝ 500 տոլար):
