
ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Շաբաթ, 30 Ապրիլին, կ. ե. ժամը 4էն սկսեալ, Կլենտէյլի Արցախ պողոտային վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայկական աւանդական երգերու, երաժշտութեան եւ պարերու նուիրուած հանրային անվճար ելոյթ մը՝ կատարողութեամբ «Լեռնազանգ» համոյթին եւ Հայաստանէն յայտնի երգչուհի Յասմիկ Յարութիւնեանի, որուն պիտի ընկերանան նաեւ Վարդան Պաղտասարեան (քամանչա), Տիգրան Զաքարեան (տուտուկ, զուռնայ, պկու) եւ Ալպերթ Օրտինեան (հարուածային գործիքներ):
Հայկական աւանդական երգերը եւ պարերը պահպանելու նպատակով, Լոս Անճելըսի մէջ, 2017ին հիմնուած «Լեռնազանգ» համոյթի համահիմնադիր Նաթալի Քամաճեան կը շեշտէ, թէ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած այս համերգը ձուլումի արշաւին դիմադրելու արարք է, յատկապէս Ապրիլ ամսուան ընթացքին, հայութեան մշակոյթին պաշտպանութիւնը հայապահպանման կարեւոր քայլ մը նկատելով:
Ձեռնարկը կ՛իրականանայ Կլենտէյլի Արուեստներու եւ մշակոյթի յանձնաժողովին աջակցութեամբ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.instagram.com/lernazang կամ www.facebook.com/lernazang կայքերը կամ դիմել lernazang@gmail.com հասցէին: