
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19 Ապրիլին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որուն սկիզբը վերջինս յայտարարեց, որ իրենք պիտի քննարկեն Արցախի ապահովութեան վերաբերող հարցեր եւ հոն տիրող կացութիւնը: «Ռուսաստանը եւ անձամբ նախագահ Վլադիմիր Պուտինը առանցքային դերակատարում են ունեցել Լեռնային Ղարաբաղում 2020ի աշնանը մարտական գործողութիւնները դադարեցնելու գործում», ըսաւ Փաշինեան, որ նաեւ անդրադարձաւ ռուս խաղաղապահներուն առաքելութեան՝ նշելով, որ անոնք ընդհանուր առմամբ ապահովութեան կը հսկեն, առ այդ «պէտք է տեսնել ինչ կարելի է անել, որ խաղաղապահների գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւէտ լինի»:
Փութին իր կարգին դիտել տուաւ, որ իրենց ուշադրութեան կիզակէտը պիտի ըլլան անվտանգութեան հարցերը, ներառեալ՝ Ղարաբաղի վերաբերող: «Շատ հարցեր մնացած են, համաձայն եմ ձեզի հետ: Մենք անընդհատ կապի մէջ ենք, ամէն շաբաթ կամ 10 օրը անգամ մը հեռաձայնային զրոյց կ՛ունենանք: Իսկ հանդիպումները պարբերական են՝ հակառակ համաճարակին: Ես շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելուս համար», ըսաւ Փութին:
Ան նշեց, որ Փաշինեանի այցելութիւնը նուիրուած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին: «Կը նախատեսուի շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրութիւն բաւական ամուր հիմերու վրայ. մենք նախորդ տարիներուն մեր իրաւական յարաբերութիւններու հիման վրայ 200 փաստաթուղթեր ստորագրած ենք, եւ այդ գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով աշխատելու համար լաւ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ», շեշտեց Փութին:
Երկու երկիրներու ղեկավարները, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին մէջ հաստատեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ ներուժի եւ փորձի օգտագործման կարեւորութիւնը՝ անոր միջազգային յանձնառութեան համապատասխան:
Փաշինեանի եւ Փութինի հանդիպման իբրեւ արդիւնք որդեգրուեցաւ երկկողմ յայտարարութիւն, ըստ որուն, կողմերը պայմանաւորուեցան՝ 26 Նոյեմբեր 2021ի եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններուն հիման վռայ արագացնել հայ-ատրպէյճանական սահմանի շրջանին սահմանազատման եւ ապահովութեան հարցերու երկկողմ յանձնաժողովի կազմութիւն՝ Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը ողջունեցին Ռուսիոյ աջակցութեամբ մեկնարկած հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
«Կողմերը նշեցին «3+3» շրջանային խորհրդատուական ձեւաչափի յաջող մեկնարկը, որ կոչուած է յաւելեալ կարելիութիւններ տրամադրելու շրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը յառաջ մղելու եւ բազմածրագրային համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, թէ Փութին ընդունեց 2022ի երկրորդ կիսուն՝ ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին Հայաստան այցելելու՝ Փաշինեանի հրաւէրը: