ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 19 Ապրիլին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկէ հոգեւոր տէրը այցելեց Արամ Ա. վեհափառին: Երկու հոգեւոր պետերը առաւել քան ժամ մը հանդիպում ունեցան:
Հանդիպումին ներկայ էին օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի թեմին Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Միջ-եկեղեցական յարաբերութիըններու յանձնախումբի ատենապետ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանին, Սփիւռքին եւ Հայաստանին վերաբերող այժմէական հարցեր: