Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16ին, Հոլիվուտի «Ա. եւ Ռ. Փիլիպոս» ազգ. վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ դպրոցի 2006-2007 ուսումնական տարեշրջանի վերաբացումը, դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմի, ՀՕՄի վարչութեան ու մասնաճիւղի անդամուհիներու եւ ծնողներու հոծ խումբի ներկայութեամբ։ Իր ողջոյնը յղելով տողանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հոլիվուտի սկաուտներու խումբը։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէն Կատիա Քուշերեան, որ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց աշակերտներուն՝ ուսումնական բեղմնաւոր տարի ցանկանալով բոլորին։
Մինչ արձանագրութիւնները կը շարունակուէին, «Մայր» մասնաճիւղի ընկերուհիներ՝ Ալիս Եղիայեան եւ Շաքէ Աճէմեան եկած էին կամաւոր աշխատանքի իրենց բաժինը բերելու շաբաթօրեայ վարժարանին։
ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի անունով խօսք առաւ նորընտիր վարչութեան ատենապետ Ռոզ Սուքիասեան։ Գնահատելով ծնողներու աջակցութիւնն ու զոհողութեան ոգին, շարունակեց ըսելով. «Առանց վարանելու կրնանք վկայել, որ Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ դպրոցը կը գրաւէ առաջնակարգ դիրք, ոչ միայն աշակերտութեան թիւով, այլեւ՝ յաջող ծրագիրներով, ուսումնատենչ եւ ուշիմ աշակերտներով, եւ այդ բոլորը կը պարտինք հոգատար եւ նուիրուած տնօրէնուհի՝ Կատիա Քուշերեանին եւ անձնուէր ուսուցչակազմին»։
Այնուհետեւ, աշակերտութեան իր սրտի խօսքն ուղղեց «Մայր» մասնաճիւղի բազմավաստակ ընկհ. Տիգրանուհի Ինճիճեան։ Նշելով բարձր մակարդակով հայեցի դաստիարակութիւն եւ հայ մշակոյթի պատմութիւն ջամբող մասնագիտացած ուսուցիչներու առկայութիւնը, ան աւելցուց. «Ինչպէս գիտէք, Արամ Ա. կաթողիկոսը 2006-2007 տարին հռչակած է «Հայ դպրոցի տարի»։ Դուք ալ, իբրեւ շաբաթօրեայի աշակերտներ, մաս կը կազմէք այդ բարեբաստիկ կոչումին։ Հարկ կը համարեմ յիշելու տնօրէնուհի Կ. Քուշերեանը, որ առանց վարանումի կը ջանայ լուծել կրթական բոլոր հարցերը, մշտապէս ձգտելով լաւին»։
Զգալով կրթական գործի պահպանման եւ յարատեւման անհրաժեշտութիւնը, վերաբացման առիթով, շաբաթօրեայ դպրոցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարեցին ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի ընկերուհիներ՝ Էլիզաբէթ Քացախեան, Տիգրանուհի Ինճիճեան, Շաքէ Աճէմեան եւ Արեգնազ Խաչատուրեան։
Վերամուտը սփռուեցաւ նաեւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռէն, որ պատրաստուած էր «ՀՕՄի ձայն»ը վարող եւ խօսնակ ընկհ. Սօնա Մատարեանի կողմէ. յոյժ գնահատելի նախաձեռնութիւն մը, որ պիտի ունենայ դրական արդիւնք՝ տեղեակ պահելով մեր գաղութի հասարակութեան ՀՕՄի Շաբաթօրեայ դպրոցներու առօրեային։