Երեքշաբթի, 20 Ապրիլի առաւօտեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ Բաբգէն քհնյ. Մանուէլեանի վերջին օծման եւ թաղման կարգը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Ս. պատարագին եւ վախճանեալ տէր հօր վերջին օծման ու թաղման արարողութեան։
Պատարագը մատոյց Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին թեմի հոգեւորականները։
Այնուհետեւ, վախճանեալ տէր հօր մարմինը հանգչեցաւ «Հոլիվուտ Հիլզ Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատան մէջ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ