ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- «Սփիւռքի Տարի» հռչակելէ ետք, Արամ Ա. կաթողիկոսը անմիջապէս նախաձեռնեց գործնական քայլերու։ Այս ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենան զանազան շրջանակներու հետ խորհրդակցական հանդիպումներ։
Երեքշաբթի, 19 Ապրիլի երեկոյեան, առցանց խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վեհափառին եւ զանազան երկիրներու մէջ գործող առաւել քան 30 երիտասարդներու հետ, որոնք գործօն մդերակատարութիւն ունին իրենց գաղութներուն մէջ։
Նիստին նախագահեց կաթողիկոսը եւ զայն վարեց Արազ Գոճայեան։ Բացման խօսքէն ետք, հայրապետը իր մտածումները եւ պատկերացումները փոխանցեց երիտասարդներուն։ Ան դրուատեց անոնց դրական ներգրաւուածութիւնը իրենց գաղութներուն մէջ եւ նախանձախնդրութիւնը գաղութներու վերանորոգման՝ ընդգծելով, որ ընկերութիւն մը չի յառաջդիմեր առանց երիտասարդութեան, որ ընկերութեան արիւնն է, ներկան է եւ ո՛չ միայն՝ ապագան։ Անդրադառնալով Սփիւռքին վերաբերող հարցերուն՝ հայրապետը պարզեց մարտահրաւէրները եւ լուսարձակի տակ առաւ վերակազմակերպման աշխատանքներու հրամայականը՝ երիտասարդներուն գործօն մասնակցութեամբ։
Նկատի ունենալով, որ Սփիւռքը թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած եւ թէ՛ Հայաստանի տնտեսական տագնապէն մղուած արտագաղթած հայորդիներէ բաղկացած է, ինքնանպատակ վիճակ մը չէ եւ մնայուն շարժումի մէջ է. հետեւաբար, ճիշդ չէ ընդհանրական մօտեցումներով քննել եւ արժեւորել Սփիւռքը, որուն գաղութներուն միջեւ հասարակաց գիծը հայկական ինքնութիւնը եւ պատկանելիութիւնն է։ Ինչ կը վերաբերի երիտասարդութեան շօշափելի դերակատարութեան, ան քաջալերեց, որ երիտասարդութիւնը հետեւողի դերէն դուրս գայ, միաժամանակ նաեւ ընդգծելով, որ սորվողի դերին մէջ ըլլալը կարեւոր է, սակայն երբեք չի նշանակեր կրաւորական կեցուածք ունենալ։
Աւարտին, Հայրապետը ըսաւ, որ տուեալ առցանց խորհրդակցութեան նպատակն է՝ լսել երիտասարդները, իմանալ անոնց դժուարութիւնները, ակնկալութիւնները, խօսիլ անոնց ընելիքներուն մասին, մանաւանդ համաշխարհայնացած եւ թուային աշխարհին ու անցակապատ ընկերութեան մէջ մեր ինքնութիւնը պահելու եւ պահպանելու ուղիներուն մասին։
Ապա, խօսք առին մասնակցողները եւ անդրադարձան իրենց յուզող հարցերու։ Անոնք դրին մայրենի լեզուին օգտագործման նուազումին եւ օտար լեզուամտածողութեան հարցը, ուղղագրութեան անբաւարար իմացութեան պատճառով առցանց հաղորդակցութեան մէջ հայատառ հայերէնի օգտագործման պակասը, ընկերային ցանցերու վրայ Հայաստան-Սփիւռք յաճախ իրար չհասկնալու պատճառով իրար հակասելու հարցը, օտար վարժարան յաճախելու անպատեհութիւնները, արհեստագիտութեան անբաւարար օգտագործումը, երիտասարդութեան մօտ ինքնաճանաչման պակասը, Արցախի վերջին պատերազմին պատճառով երիտասարդութեան մօտ յուսալքման հարցը, ղեկավարութիւն-երիտասարդութիւն յարաբերութիւններու հարցերը՝ մեկնած հնամաշ հաղորդակցութեան միջոցներէն եւ սերնդային մեծ տարբերութիւններէն եւ տնտեսական իրավիճակին պատճառով գաղութէն հեռանալու հարցը։ Յիշեալ քննարկումներուն լոյսին տակ, երիտասարդները նաեւ հանդէս եկան առաջարկներով՝ կրթական, կազմակերպչական, արհեստագիտական եւ եկեղեցական մարզերուն առնչութեամբ։
Աւարտին, վեհափառը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ բարձր գնահատեց մասնակցողներուն շինիչ ներդրումը եւ այդ գծով իր մտածումները եւ խորհուրդները փոխանցեց անոնց՝ ընդգծելով, որ այսօր չենք կրնար խուսափիլ համաշխարհայնացման մշակոյթէն, սակայն այս իրողութեան դիմաց հարկ է հասկնալ ու ըմբռնել մեր ինքնութիւնը, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ արժէքներու եւ խարսխուած՝ իտէալներու վրայ. ուստի, հարցադրումներու ճամբով ան անդրադարձաւ հայ ըլլալու չափանիշներուն ներկայ դարուն մէջ եւ առաջարկեց մտածել համակարգ մը յառաջացնելու մասին, որ մեզ ո՛չ կը հեռացնէ ներկայ ընկերութենէն եւ ոչ ալ կը կղզիացնէ, այլ ներքին յարակցութիւն մը կը ստեղծէ երկուքին միջեւ։
Նշենք, որ խորհրդակցական հանդիպումները պիտի շարունակուին տարբեր ոլորտի մասնագէտներու շրջանակներու հետ։