ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեան Ազգային ժողովրդավարութեան հիմնարկին կողմէ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Կին առաջնորդ» համաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ «կիներու դերին բարձրացումը հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ այսօր անհրաժեշտ է եւ պէտք է ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ կիներ ընդգրկուին այն պաշտօններուն մէջ, ուր կը վճռուի մեր երկրին ապագան»։
Համաժողովին կը մասնակցէին քաղաքական եւ հասարակական գործունէութեամբ զբաղող կիներ։
Կարապետեան նշեց, որ Հ.Յ.Դ. բարձր կը գնահատէ նման միջոցառումներ եւ տեղեկացուց, որ վերջերս Հ.Յ.Դ. կիներու յանձնախումբը նմանատիպ օրակարգով այլ համախմբում մը կազմակերպած էր։ «Այն, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնել կիներուն դերը քաղաքականութեան մէջ, անվիճելի է։ Սակայն այսօր կան մարդիկ, որոնք կը մտածէին, թէ այդ խնդիրը արհեստական հարցադրում է», ըսաւ ան՝ նշելով միաժամանակ, որ անիկա երբեք արհեստական հարց չէ։
«Հ.Յ.Դ.ն ԱՊՀ երկիրներու տարողութեամբ Ընկերվար Միջազգայնականի լիիրաւ անդամ է եւ ստանձնած է որոշակի պարտաւորութիւններ, որոնցմէ է նաեւ ընտրութիւններու համամասնական ցուցակին մէջ կիներու 25 տոկոսի ընդգրկումը», նշեց ան։
«Հ.Յ.Դ. հայաստանեան կազմակերպութիւնը այս տարի իր ղեկավար կազմին մէջ ընտրեց երկու կիներ։ Այսուհետեւ պէտք չէ իյնալ ծայրայեղութեան մէջ եւ խնդիրը դիտել տոկոսային յարաբերակցութեան առումով։ Այս խնդիրը պէտք է դիտել ներդաշնակութեան մէջ», ըսաւ ան։