
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի ուղղած յատուկ նամակով, Արամ Ա. կաթողիկոսը յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շնորհաւորեց անոր վերընտրութիւնը՝ իբրեւ նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան:
Խօսելով ներկայ ժամանակներու տագնապներու մասին՝ վեհափառը յիշեցուց, թէ «Ֆրանսան ճշդորոշիչ դեր ունի ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ», աւելցնելով․ «Ֆրանսա՝ իբրեւ խորհրդանիշ արդարութեան, բազմազանութեան եւ մարդկային իրաւանց, կոչուած է իր դերը վերաշեշտել, յատկապէս Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ, ի խնդիր մարդկային իրաւանց եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան»:
Ապա, գնահատելով Մաքրոնի զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատին՝ վեհափառը կոչ ուղղեց, որ «Ֆրանսա շարունակէ իր զօրակցութիւնը ի խնդիր Արցախի անկախութեան եւ Հայաստանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան պաշտպանութեան»:
Ֆրանսայի դերը Լիբանանի համար կենսական նկատելով՝ վեհափառը յոյս յայտնեց, որ «Լիբանանը շարունակէ մնալ նախագահին կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը, յատկապէս Լիբանանի պատմութեան ներկայ ճակատագրական շրջանին»: