

ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցին կազմակերպութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ հիւանդանոցին սրահին մէջ։
Հիւանդանոցի տնօրէնը՝ Ճիլ Ուիլթըն, կատարեց ձեռնարկին բացումը, հակիրճ կերպով ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ շեշտեց զայն յիշելու կարեւորութիւնը։
Հայր Սարգիս Քարամինասեան այնուհետեւ կարդաց Ցեղասպանութեան նուիրուած բանաստեղծութիւն մը եւ ներկայացուց Ցեղասպանութենէն փրկուած իր մեծ մօր պատմութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն՝ իբրեւ յարգանք Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն։
Աւարտին, հիւանդանոցի անձնակազմէն Մարի Ֆիլիփեան եւ Արմենուհի Աղաճանեան խօսեցան Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ յատկանշական ներդրումներ ունեցած 10 հայորդիներու իրագործումներուն մասին։
