Շաբաթ, 23 Ապրիլի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի նախագահութեամբ՝ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հսկման արարողութիւնը, ապա, աւելի ուշ, Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի համահաւաք մը։
Հաւաքին ընթացքին արտայայտուեցան առաջնորդ սրբազանը, Իսլ. խորհրդարանի Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան եւ ոգեկոչման յանձնախումբին կողմէ Սեդա Բարղեան։
Ծրագիրին 2րդ բաժինով տեղի ունեցան գեղարուեստական կատարումներ։
24 Ապրիլի առաւօտեան, Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ Արիմաթացի եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, ապա շրջափակին մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, իրականացուեցաւ ժողովրդական ծաղկեմատոյց։
23 Ապրիլի երեկոյեան, Շահինշահրի մէջ նոյնպէս տեղի ունեցաւ բողոքի համահաւաք։ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին եղան խօսք առնողներ եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։